Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առիթ Տալու Համար Յաւելեալ Քննարկումներու Խորհրդարանական Պարտադիր Խորհրդակցութիւնները Մէկ Շաբաթով Յետաձգուեցան

Հոկտեմբեր 15, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութեան կազմութեան գծով  «Մուսթաքպալ» հոսանքին ձեռնարկած նախապատրաստական երկօրեայ խորհրդակցութիւնները չյանգեցան ակնկալուած արդիւնքին` նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի վարչապետ նշանակման որոշումին: Խորքին մէջ, հակառակ խորհրդարանական զանազան պլոքներու հետ ցարդ կայացած հանդիպումներու «դրական» մթնոլորտին, կարելի չեղաւ այս գծով համախոհութիւն գոյացնել: Փաստօրէն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հզօր հանրապետութիւն պլոքին անունով մերժեց ընդառաջել Հարիրիի թեկնածութեան հաւանականութեան: Նմանապէս, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի Հարիրիի նկատմամբ  «քննադատական» կեցուածքը ժխտական անուղղակի պատգամ մըն էր, անկախ անկէ, թէ նշեալ հոսանքին հետ «Մուսթաքպալ» պլոքի խորհրդակցութիւնները նոյնպէս դրական մթնոլորտի մէջ էին, ինչպէս յայտարարած էր երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան: Ըստ «Թաուհիտ» կուսակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապի` «Ֆրանսա մեծ ճնշում կը բանեցնէ պատկան կողմերուն վրայ, սակայն Հարիրի վաղը (այսօր` հինգշաբթի) վարչապետ պիտի չնշանակուի»:

Նախքան այդ, երեսփոխան Պահիա Հարիրի,  գլխաւորելով «Մուսթաքպալ» պլոքի պատուիրակութիւնը, երէկ եւս շարունակեց իր «մարաթոնային» խորհրդակցութիւնները տարբեր պլոքներու հետ: Խորհրդակցութիւնները ընդգրկեցին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կողքին, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէի գլխաւորած «Խորհրդակցական հանդիպում» Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան Հզօր հանրապետութիւն, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի գլխաւորած «Հաւատարմութիւն դիմադրութեան» եւ երեսփոխան Անուար Խալիլի գլխաւորած «Ազատագրում եւ բարգաւաճում» պլոքները: Մինչ այդ, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ եւ համաձայնեցաւ հանդիպում մը կայացնել եւ լայնօրէն խորհրդակցիլ:

Այսուհանդերձ, լիբանանցի ղեկավարներուն առջեւ յաւելեալ եօթնօրեայ առիթ մը կայ, զոր քաղաքացիք կը յուսան առաւելագոյնս օգտագործել ի սպաս արդիւնաւէտ խորհրդակցութիւններու: Այլապէս, կացութիւնը կրնայ առաւել եւս բարդանալ, ապրուստի եւ տնտեսական տագնապներու լոյսին տակ, որոնք դարձած են քաղաքացիները փողոց մղող մնայուն խթաններ:

Նմանապէս` Ժողովրդային
Ցոյցերու Մագլցում

Կառավարութեան կազմութեան նախապատրաստական ճիգերուն զուգահեռ ժողովրդային բողոքի եւ ցասումի ելոյթները իրենց պահանջներու «ցանկերով» առաւել եւս հրամայական դարձուցին համախոհական կառավարութեան շուտափոյթ կազմութեան անհրաժեշտութիւնը: Փաստօրէն, արծարծուող պահանջներու իրագործումը հիմնականին մէջ կառավարական օրինական որոշումներու եւ դասաւորումներու կը կարօտի` անկախ պատկան պատասխանատուներու հարցերու լուծման պատրաստակամութենէն: Պահանջները բազմաճիւղ են ու հրատապ, երթեւեկի վառելանիւթի սակագիներու, տարրական սննդեղէնի, դեղորայքի եւ այլ անհրաժեշտ պիտոյքներու սղաճը բոլորովին յուսալքած են քաղաքացիները, որոնք արտագաղթի փոխարէն գոյատեւելու գլխաւոր «բալասան»-ը կը նկատեն կառավարութեան կազմութիւնը:

Այս գծով յառաջիկայ եօթը օրերու խորհրդակցութիւնները իրենց դրական թէ բացասական եզրայանգումներով պիտի վճռեն Լիբանանի եւ լիբանանցիներու յառաջիկայ փուլին ճակատագիրը` ապրուստի, առողջապահական, կրթական եւ այլ  յարակից տարրական մարզերու գծով:

 

Նախորդը

Յաջորդ Նիստը Հոկտեմբերի Վերջաւորութեան Որոշելով` Ջրային Սահմանագիծին Շուրջ Բանակցութիւններու Առաջին Նիստը Գումարուեցաւ

Յաջորդը

«Պիտի Գան «Զօրաց» Պանթէոն Ու Ըսեն` Տղա՛ք, Դուք Յաղթեցիք»

RelatedPosts

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»
Լիբանանեան

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ժապեր. «Կեդրոնական Դրամատան Նոր Կառավարիչը  Մարտի Աւարտէն Առաջ Պիտի Նշանակուի»
Լիբանանեան

Ժապեր. «Պատերազմին Գինը Անցաւ 11 Միլիառ Տոլարը»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?