Երկար տեղքայլէ ետք, կառավարութեան կազմութեան կարելիութիւնը դարձեալ սեղանի վրայ դրուեցաւ, երբ անցնող շաբաթավերջին նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին պատրաստակամութիւն յայտնեց իր թեկնածութիւնը ներկայացնելու վարչապետի պաշտօնին: Շատերու համար անակնկալ թուացող Հարիրիի այս քայլը կու գայ այնպիսի պահու մը, երբ երկիրը կը տապլտկի իր ներքին ընկերային, տնտեսական, առողջապահական, քաղաքական թէ այլ հրատապ հարցերուն մէջ:
Փաստօրէն, 17 հոկտեմբեր 2019-ի ժողովրդային պոռթկումի առաջին տարեդարձի սեմին պահանջուած բարեկարգչական քայլերէն գրեթէ ոչինչ իրագործուած է: Աւելի՛ն, 4 օգոստոս 2020-ին Պէյրութի նաւահանգիստին ահաւոր պայթումը իր մահասփիւռ հետեւանքներով յաւելեալ նետ մըն էր` առանց այդ ալ մահամերձ վիճակի մէջ եղող երկրի տնտեսական իրավիճակին ուղղուած: Ամերիկեան տոլարին յարաճուն եւ սրընթաց սլացքը իր պարտադրած սղաճով, տնտեսութեան եւ ապրուստի պայմաններու գահավիժումը փութացնող մէկ այլ նետ մը նկատուեցաւ, խրուած` լիբանանցիներու յուսադրիչ ակնկալութեանց: Իսկ կարգ մը տարրական սննդեղէններու պետական զօրակցութեան վերացման հաւանականութեան պատճառով սղաճի նոր ալիքը առաւել եւս պիտի ընդվզեցնէ յուսահատ քաղաքացիները` զանոնք յուսալքելով ու արտագաղթի դիմողներու նոր ալիք մը յառաջացնելով դեսպանատուներու սեմերուն: Այս գծով ժողովրդային թէ միութենական զանազան խմբաւորումներ կը պատրաստուին «մեծ շուքով» հաշուետուութիւն պահանջել երկրի վարիչներէն` պահանջելով խոստացուած բարեկարգումներու քայլերէն ցարդ իրագործուած նախաձեռնութիւններ: Կը նախատեսուի, որ պահանջատիրական այդ շարժումներու «վերաբացումը» կատարէ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը, որ արդէն իսկ կոչ ուղղած է իր հետեւորդներուն վաղը` երեքշաբթի, 13 հոկտեմբերին, «փողոց իջնելու» ընդհանուր ցոյցի: Տակաւի՛ն, «Քորոնա» ժահրի համավարակը այլ փորձանք մը եղաւ, որու զոհերուն նորագոյն հաշուարկը շաբաթավերջին գուժեց 4 մահ եւ 1010 վարակուած պարագաներ: Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան ներում հայցեց քաղաքացիներէն` նշելով, որ «Քորոնա»-ի գծով Լիբանան կը գրաւէ աշխարհի երկրորդ դիրքը եւ երկիրը կը մօտենայ սպանական օրինակին: Իսկ չորեքշաբթի, 14 հոկտեմբերին, Լիբանան ժամադրուած է հարաւի ծովային ջուրերու սահմանագիծի ծիրին շուրջ բանակցութեանց առաջին փուլին: Քայլ մը, որուն հեզասահ ընթացքը կրնայ տնտեսական խոստմնալից «բուժիչ բալասան» մը նկատուիլ երկրի տնտեսութեան բարելաւման ու բարգաւաճման գծով:
Այս բոլորի լոյսին տակ մարդիկ, մեկնաբաններ ու քաղաքացիներ հարց կու տան, թէ ի՛նչ բան փոխուեցաւ, որ դարձեալ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի կ՛ուզէ իր թեկնածութիւնը ներկայացնել: Խորքին մէջ, ան հրաժարած էր 17 հոկտեմբեր 2019-ի ժողովրդային պոռթկումէն տասը օր ետք եւ անոր ճնշումին տակ:
Վերջին օրերու ներքին թէ արտաքին քաղաքական իրադարձութեանց տողընդմէջ ընթերցումը կը պարզէ, թէ լիբանանցի կարգ մը ղեկավարներ տրամադիր են «առիթ մը եւս» տալու եւ ընդառաջելու Սաատ Հարիրիի թեկնածութեան պատրաստակամութեան: Այս իմաստով խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլիի համաձայն, ընդհանուր համախոհութիւն կը տիրէ եւ անիկա կրնայ աւելի «արդիւնաւորուիլ» յառաջիկայ օրերուն: Ֆըրզլի երէկ խիստ հաւանական նկատեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի վարչապետ նշանակումը հինգշաբթի, 15 հոկտեմբերին նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ խորհրդարանական ներկայացուցիչներու հետ կայանալիք խորհրդակցութիւններու աւարտին: Նմանապէս, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր մտերմիկ զրոյցներու ընթացքին չէ ծածկած իր համամտութիւնը Սաատ Հարիրիի հետ գործակցելու գծով: Փաստօրէն, այսօր, երկուշաբթի կը նախատեսուի, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի անջատ հանդիպումներ ունենայ նախագահ զօր. Միշել Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ ապա այսօր, կամ վաղը երեքշաբթի` քաղաքական տարբեր կողմերու ղեկավարներուն հետ: Այս խորհրդակցութեանց աւարտին Հարիրի պիտի վճռէ շարունակել կամ յետս կոչել վարչապետութեան իր թեկնածութիւնը: Այս իմաստով քաղաքական կարգ մը կողմեր արդէն իսկ արտայայտած են իրենց ժխտական կեցուածքը Հարիրիի վարչապետութեան գծով` «փորձուածը դարձեալ չեն փորձեր» կարգախօսով: Այլ խումբեր իրենց կեցուածքը պիտի յայտարարեն այս մասին ներքին ժողովներ գումարելէ ետք այսօր: Այս գծով քաղաքական մեկնաբան Սալեմ Զահրան երէկ հաւանական նկատեց Սաատ Հարիրիի նշանակումը մասնագէտ-քաղաքական կազմով կառավարութեան մը վարչապետ` հարց տալով, թէ կողմերը որքանո՞վ պիտի ընդառաջեն Հարիրիի առաջադրելիք կառավարական գործունէութեան ծրագիրին: Զահրան նաեւ անհաւանական չնկատեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը դեռ ձգձգուի` սպասելով կողմերէն ակնկալուող յաւելեալ զիջումներու: Իր կարգին, նախկին նախարար Սըժաան Քազզի երէկ շեշտեց խօսքէն գործի անցնելու անհրաժեշտութիւնը` նշելով, որ միայն «բարի կամեցողութիւնը» բաւարար չէ: Ան դիտել տուաւ, թէ կը գտնուինք դժուար փուլի մը դիմաց, եւ այս գծով Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի նոր դեսպան Անն Կրիօ այս շաբթուան ընթացքին պիտի տեսակցի զանազան կողմերու հետ` ֆրանսական նախաձեռնութեան գործադրութեան ծիրին մէջ: