Լիբանանի քաղաքական տագնապի լուծման «բանալի» ազդակներէն կարեւորագոյնը նկատուող կառավարութեան կազմութեան հարցը դարձեալ իր վրայ կեդրոնացուց ներքին թէ արտաքին առնչակից շրջանակներու ուշադրութիւնը: Արդարեւ, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի երէկ` երկուշաբթի, 12 հոկտեմբերին մեկնարկած խորհրդակցութիւնները նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ, յաւելեալ լուրջ բնոյթ տուին նախատեսուող խոստմնալից քայլերուն:
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ դրականօրէն արտայայտուեցաւ Պաապտայի եւ Այն Թինէի մէջ իր ունեցած խորհրդակցութեանց արդիւնքներուն մասին` դիտել տալով, որ իր այդ խորհրդակցութիւնները կու գան ընդառաջելու ֆրանսական նախաձեռնութեան: Հարիրիի համաձայն, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի նախաձեռնութիւնը ձեռնտու գործնական գրեթէ միակ «բանալին» է երկիրը իր քաոսային վիճակէն դուրս բերելու համար: Հարիրիի նախատեսումով` իր գլխաւորելիք կառավարութեան առաջնակարգ առաքելութիւնը պիտի ըլլայ «ազատել» խոստացուած արտաքին նիւթական օժանդակութիւնները` «Սետր»-ը եւ այլն, ինչ որ որոշ չափով կրնայ վերահաստատել պետութեան վարկն ու վստահութիւնը յաչս արտաքին կողմերուն, քաղաքացիներուն եւ ամէնէն կարեւորը` ելեւմտական շուկային, ուր կառավարութեան կազմութեան վերջին 24 ժամերու լուրերու լոյսին տակ ամերիկեան տոլարին արժէքը աւելի քան հազար լիբ. ոսկիի նահանջ արձանագրեց եւ մէկ տոլարին գինը նուազելով հասաւ 7500 լիբանանեան ոսկիի:
Հարիրի կը խորհի, որ առաւելաբար տնտեսական-նիւթական առաքելութեամբ կազմուելիք կառավարութիւնը պէտք ունի մասնագէտ եւ փորձագէտ նախարարներու: Այլ խօսքով` պայման չէ, որ կուսակցութիւնները որոշեն նորակազմ դահլիճի նախարարները: Փաստօրէն, «կուսակցութիւնները կրնան վեց ամիս հեռու մնալ իշխանութենէն», ըսած էր նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի վերջերս կատարած իր մէկ յայտարարութեամբ: Առ այդ, Հարիրիի գլխաւորած «Մուսթաքպալ» հոսանքի խորհրդարանական մէկ պատուիրակութիւնը այսօր պիտի տեսակցի զանազան կողմերու եւ կուսակցութիւններու ղեկավարներու հետ:
Վերապահութիւններ
Սակայն կարգ մը կողմեր որոշ վերապահութեամբ կը մօտենան Հարիրիի թեկնածութեան ընդառաջելու կարելիութեան: Այս ծիրին մէջ, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, նախկին երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ, երէկ երեկոյեան պատկերասփռուած յայտարարութեամբ մերժեց ընդունիլ «Մուսթաքպալ»-ի պատուիրակութիւնը` անուղղակիօրէն իր ընդվզումը դրսեւորելով Հարիրիի կողմէ սահմանադրական տրամադրութիւններու եւ ցարդ ընդունուած անգիր օրէնքներու անտեսման գծով: Իսկ Հըզպալլայի բանբեր` «Մանար» պատկերասփիւռի կայանի մօտիկ աղբիւրներու համաձայն, «Հարիրի որոշած է իր գլխաւորելիք կառավարութիւնը կազմել զուտ մասնագէտ-փորձագէտներէ` անտեսելով կուսակցական կողմերու առաջադրելիք տարրերու անունները»: Պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմեն երեսփոխաններ Պահիա Հարիրի, Ֆատի Հըպէյշ եւ Սամիր Ժըսր, պիտի տեսակցի նաեւ «Մարատա» հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Սլէյման Ֆրենժիէի, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան պատասխանատուներուն հետ:
Այս բոլորի լոյսին տակ յառաջիկայ օրերը կը թուին ըլլալ վճռական, չըսելու համար պատմական` նկատի ունենալով հարաւի ջրային սահմանագիծի շուրջ բանակցութիւններու մեկնարկը Նաքուրայի մէջ, ամերիկեան միջնորդութեամբ, յանձին` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերով օգնական Տէյվիտ Շինքըրի, հովանաւորութեամբ ՄԱԿ-ի պատկան մարմինին, իսրայէլեան եւ լիբանանեան պատուիրակութեանց կողքին:
Սակայն ամերիկացի միջնորդ պատուիրակին ներկայութիւնը ունի նաեւ այլ «առաքելութիւն»: Արդարեւ, յառաջիկայ ուրբաթ ան պիտի տեսակցի նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ այլ պատասխանատուներու հետ: Ան արդէն իսկ ճաշի «ինքնակոչ հիւր»-ի ժամադրութիւն տուած է նախկին երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթին` յառաջիկայ հինգշաբթի կէսօրին: Ան պիտի տեսակցի նաեւ ընդդիմադիր կողմերու, մասնաւորաբար` 17 հոկտեմբերի ժողովրդային շարժումի ղեկավարներուն հետ շաբաթ, 17 հոկտեմբերին նախատեսուող ընդհանուր ցոյցի նախօրեակին: Հոսկէ` կը նախատեսուի, որ նշեալ կողմերու պատասխանները որոշ ձգձգում արձանագրեն` սպասելով ամերիկացի պատուիրակին «թելադրանքներուն»:
Արդ, Սաատ Հարիրիի թեկնածութեան ու մանաւանդ անոր որդեգրած գործունէութեան ուղեգիծի «սեւագիրին» գծով զօրակից եւ վերապահ կեցուածքներու լոյսին տակ կը թուի, թէ կառավարութեան կազմութեան սպիտակ ծուխին ճակատագիրը պիտի բացայայտուի շաբաթավերջին: