«Ժողովրդավար Եւ Մարդկային Իրաւունքներէն Խօսող Երկիրներ
Լոկ Յայտարարութիւններով Կը Բաւարարուին,
Մինչ Ժողովուրդ Մը Ամբողջ Յաչս Աշխարհին, Կը Ջարդուի»
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի լիբանանեան պատկերասփիւռի «Ժատիտ» կայանի «Ու հալլա շո՞ւ» յայտագիրին ընթացքին խօսեցաւ կառավարութեան կազմութեան մասին, ինչպէս նաեւ լուսարձակի տակ առաւ Արցախի մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումները:
Լիբանանեան առումով ան դիտել տուաւ, որ կառավարութեան կազմութեան եւ նոր վարչապետի թեկնածուին գծով ՀՅԴ-ին կեցուածքը կը յստականայ վաղը` երեքշաբթի գիշեր, կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի նիստի աւարտին:
Ան շեշտեց, որ երեսփոխան Պահիա Հարիրիի գլխաւորած «Մուսթաքպալ» հոսանքի պատուիրակութեան հետ Կեդրոնական կոմիտէին խորհրդակցութիւնները խիստ արդիւնաւէտ ու շինիչ էին: «Կառավարութեան կազմութեան վերաբերող խորհրդակցութիւնները յետաձգելու առաջարկով մեր նախաձեռնութիւնը կը բխէր նոր վարչապետի ինքնութեան ու անձին հանդէպ մեր նախանձախնդրութենէն: Առ այդ, նախագահ զօր. Միշել Աունին հետ կապուելով` հարց տուի, որ կառավարութեան կազմութեան գծով կարելի՞ է յոյս ունենալ, եւ ի՞նչ է իր կարծիքը. ան պատասխանեց, որ չի գիտեր, ուստի առաջարկեցի քանի մը օրով յետաձգել, որպէսզի առիթը տրուի յաւելեալ խորհրդակցութիւններու: Իսկ աւելի ուշ նախագահ Աուն հետս կապուելով յայտնեց, թէ խորհրդակցութիւնները յետաձգած է»:
Այլ հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի դիտել տուաւ, թէ այս գծով ինք կապ չէ հաստատած Ազգային ազատ հոսանքի ղեկավար Ժըպրան Պասիլի հետ, ո՛չ ալ` նշեալ հոսանքէն ոեւէ մէկուն: Ան շեշտեց, որ ոչ մէկ կապ եղած է Հըզպալլայէն, ո՛չ ալ խորհրդարանի նախագահէն: «Այս քայլը կուսակցութեան նախաձեռնութիւնն էր` դիւրացնելու համար նոր վարչապետի գործունէութիւնը, առաքելութիւնը», շարունակեց Բագրատունի` դիտել տալով, որ եթէ Հասսան Տիապի գլխաւորած կառավարութենէն փորձառութիւն կամ դասեր քաղել ուզենք, ապա պէտք է ըսել, թէ անիկա որոշ թերացում ունէր քաղաքական ներկայութեան եւ կազմի թիւի իմաստով. «Մենք նախանձախնդիր էինք, որ նոր կառավարութիւնը չնմանի նախորդներուն», ընդգծեց երեսփոխան Բագրատունի: Ան նաեւ յայտնեց, թէ խորհրդակցութեանց յետաձգումէն ետք նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի գրասենեակէն հարց տրուած է իրեն, եթէ մէկու մը թելադրութեամբ առաջարկած է յետաձգել խորհրդակցութիւնները ու ինք պատասխանած է, թէ այդ քայլը «մեր համոզումով առինք»` միաժամանակ վերահաստատելով Սաատ Հարիրիի հանդէպ մեր խոր յարգանքը, հակառակ անցեալի տարակարծութիւններուն»:
Կառավարութեան կազմութեան գծով պարտադիր խորհրդակցութիւններու դարձեալ յետաձգման հաւանականութեան մասին հարցումին պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի անհաւանական նկատեց այդ մէկը, «որովհետեւ ինչ որ ըրինք բաւարար է»: Ան ըսաւ, թէ ՀՅԴ-ի կեցուածքը կը յստականայ երեքշաբթի գիշեր:
Լրագրողը հարցուց, որ Ազգային ազատ հոսանքէն տարբեր կեցուածքի որդեգրման պարագային արդեօք հոսանքէն անջատուելու միտում կրնա՞յ ըլլալ. երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, թէ նոյն հոսանքին մէջ տարակարծութիւնը կարելի է, եւ պայման չէ, որ ՀՅԴ-ի կեցուածքը ըլլայ յար ու նման Ազգային ազատ հոսանքին եւ կամ հակառակը: «Մենք դաշնակիցներ ենք, սակայն ունինք մեր առանձնայատկութիւնը, կարծիքի անկախութիւնը, ինչպէս որ է բոլոր համախմբումներու պարագային, եւ համախմբումի ըմբռնումը կ՛ենթադրէ, որ իւրաքանչիւրը յարգէ իր դիմացինին կարծիքը: Երեք երեսփոխաններու կողմէ Հարիրիի թեկնածութեան զօրակցութիւնը մեծ բան չի փոխեր կառավարութեան կազմութեան գծով», նշեց ան:
Երեսփոխան Բագրատունի տեղեկացուց, որ այսօր, երկուշաբթի առաւօտեան պիտի այցելէ նախագահ զօր. Միշէլ Աունի` իմանալու համար խորհրդակցութիւններու յետաձգումով ընձեռուած առիթին արդիւնքները: Ան այս առթիւ բարձր գնահատեց եւ խիստ յաջող որակեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի աշխատանքի վարքագիծը:
Երեսփոխան Բագրատունի խօսեցաւ նաեւ 27 սեպտեմբերէն ի վեր ազրպէյճանական-արցախեան սահմանագիծին վրայ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ սանձազերծած յարձակումներուն մասին` նշելով, որ 145 հազար հոգի հաշուող բնակչութիւն ունեցող Արցախը ի՞նչ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, որ զօրաշարժի մատնած է Թուրքիան ու Իսրայէլը, որ երկու օրը անգամ մը զինամթերք կ՛ուղարկեն Ազրպէյճան:
Ան ցաւ յայտնեց, որ Թուրքիա-Ազրպէյճան-Իսրայէլ եռեակը աներեր ու սանձարձակ կը գործէ, ամբողջ ազգ մը ցեղասպանութեան ենթարկելով, անդին ոմանք կը սպասեն նաւթ ու կազ փոխադրող քարիւղատար խողովակներուն` մոռնալով, անտեսելով, որ նոր օսմանականութիւնն ու համաթուրանականութիւնը կը թակեն Կովկասի դռները: Բագրատունի այս առթիւ մեղադրեց շրջանի բարեկամ ու դրացի արաբ ու իսլամ կարգ մը երկիրներ, որոնք անցեալի սխալները կը կրկնեն: Ան նաեւ մեղադրեց շրջանի ղեկավարները, նախագահները եւ հոգեւոր պետերը, որոնք օրին Նոթր Տամ եկեղեցւոյ դէմ ահաբեկչական արարքին առիթով նուիրատուութիւններ կատարեցին, նոյնիսկ փութացին պատուիրակութիւն կազմել այս հարցով: «Իսկ վերջերս Արցախի մէջ դարաւոր սրբավայր մը` Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցին ռմբակոծուեցաւ, սակայն ոչ ոք դատապարտեց այդ արարքը, ժողովուրդ մը ամբողջ այսօր ցեղասպանութեան կ՛ենթարկուի, սակայն դատապարտումի ոչ մէկ խօսք: Այսպէս ասաց, ներկայի ժողովրդավար եւ մարդկային իրաւունքներէն խօսող երկիրները այսօր պարզապէս յայտարարութիւններով կը բաւարարուին եւ գործնական ոչինչ կը կատարեն, մինչ ժողովուրդ մը ամբողջ, յաչս աշխարհին, կը ջարդուի», ըսաւ Բագրատունի եւ աւելցուց. «Այսօր մարոնիներու Ռայի պատրիարքը արտայայտուեցաւ, կը մաղթէի, որ 150 հազար ծագումով հայ լիբանանցի քաղաքացիներուն որպէս յարգանք կեցուածք ցուցաբերուէր»:
Աւարտին երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի վերահաստատեց, որ Արցախի գոյամարտը կրօնական բնոյթ չունի: «Ան, որ այդպէս կը խորհի, ուրեմն ո՛չ քաղաքականութենէ, ո՛չ պատմութենէ, ոչ ալ քաղաքակրթութենէ կը հասկնայ», ընդգծեց ան:
For Arab States KIND Attention.. Arsakh is fighting for South Caucasus and Southern Middle Eastern States Freedom war, against Turkey, Azerbaijan,plus Jihadists money
and loot seekers. Reminding Cyprus half occupation, Syria invasion, Libya invasion, False Palestinian “helping” people, being ALLY with Israel in Armenia war. ITS ONLY INTENTION is CREATE PAN TURK EMPIRE up to China. Turkey KILLED not ONLY Armenians, but
Sunni Kurd, Arab, Yemeni. Turkey IS MUSLIM ONLY, ONLY FOR TURK NATIONAL PROGRESS, killing and try turning Turk others, there is 4,5 Million Sunni Armenians INSULTED Daily as “GAVOUR”= INFIDEL!!S.Arabia, Kuwait, ALL Rich States WEALTH will be USED ONLY FOR TURKEY..Armenia PROXY FREEDOM war needs $10-15 Billions to RESIST::HELP now For CALIPHATE staying in Arab hands, For BROTHERLY ARAB NATIONS FREEDOM from GRATEFUL ARMENIAN NATION FOREVER!