Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մուսթաքպալ» Հոսանքի Պլոքի Պատուիրակութեան Հետ Հանդիպումի Աւարտին. «Ատենն Է, Որ Ամէնէն Կարճ Միջոցին Կազմենք Կառավարութիւնը Եւ Բարեկարգումներու Ձեռնարկենք» Ընդգծեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

Հոկտեմբեր 14, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկրի տարբեր կողմերու հետ իր ձեռնարկած խորհրդակցութիւններու ծիրին մէջ, «Մուսթաքպալ» հոսանքի պլոքի պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ երեսփոխան Պահիա Հարիրիի, երէկ` երեքշաբթի, 13 հոկտեմբերին, այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոն, ուր հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ` ներկայութեամբ երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեանի եւ Ալեքսան Մաթոսեանի հետ:

«Ատենն է, որ կառավարութիւնը կազմենք եւ բարեկարգումներուն ձեռնարկենք ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին», յայտարարեց երեսփոխան Բագրատունի հանդիպումի աւարտին: Լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով Բագրատունի ըսաւ. «Անկասկած, բոլորս իրազեկ ենք տիրող անյոյս կացութեան եւ այս իրավիճակի լոյսին տակ էականը` մարդոց վստահութեան վերահաստատումն է իրենց երկրին, ղեկավարներուն եւ իրենք իրենց նկատմամբ»: Բագրատունի յայտնեց, թէ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի առաջադրած «ծրագիր»-ին մեծ մասը արծարծուած էր նախորդ կառավարութիւններուն օրով, սակայն չէինք յաջողած անոնց գործադրութեան մէջ զանազան պատճառներով:

«Այսօր, դժբախտաբար, հասանք այս կացութեան, եւ գլխաւոր հարցը այն է, թէ կա՛մ կը շարունակենք դէպի գահավիժում, կա՛մ ալ կը փորձենք յոյսի նշոյլ մը գտնել ու վերահաստատել մեր վստահութիւնը մենք մեզի ու մեր երկրին նկատմամբ», դիտել տուաւ երեսփոխան Բագրատունի եւ աւելցուց. «Այս դիտանկիւնէն յանձնառու էինք ֆրանսական նշեալ «ծրագիրին»: «Այսօր խօսակցութիւնները կեդրոնացած են կառավարութեան կազմութեան վրայ, եւ մենք համաձայն ենք այն կառավարութեան, որ յանձնառու է այս «ծրագիրին» եւ կը կազմուի առանց փոխադարձ նախապայմաններու, որովհետեւ ժամանակ չունինք, եւ քաղաքացին չ՛արտօներ, որ նոյնիսկ ժամ մը կորսնցնենք հարցերը ձգձգելով»,  շարունակեց երեսփոխան Բագրատունի` նշելով. «Տեսանք, թէ ցարդ ի՛նչ բան կրցած ենք իրագործել եւ ի՛նչը` ոչ, արդ, ժամանակն է ճշդելու մեր ընելիքը, կառավարութիւնը կազմելու եւ բարեկարգումներու ձեռնարկելու ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին»:

«Բարեկարգումը հսկայական իրագործում է եւ իւրաքանչիւր նման իրագործում կը սկսի փոքր քայլով, եւ մենք յանձնառու ենք մաս կազմելու այս քայլին եւ ըլլալու անոր մէկ փոքր կորիզը»,  ընդգծեց երեսփոխան Բագրատունի: Իսկ յաջորդ վարչապետը թեկնածուի առաջադրման գծով հարցումին անդրադառնալով երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, թէ այդ որոշումը պիտի տրուի այսօր` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի նիստին: Իսկ Հզօր Լիբանան համախմբումին հետ այս գծով տարակարծութեան հաւանականութեան մասին հարցումին անդրադառնալով` Բագրատունի ըսաւ. «Մենք կը խորհրդակցինք երկրի քաղաքական բոլոր կողմերուն հետ եւ մեր յարաբերութիւնները լաւ են բոլորին հետ, սակայն մենք կ՛առնենք այն որոշումը, որ յարմար կը նկատենք»:

Երեսփոխան Պահիա Հարիրիի գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմէին երեսփոխաններ Սամիր Ժըսր եւ Հատի Հըպէյշ: Հանդիպումը, ըստ երեսփոխան Պահիա Հարիրիի, դրական էր: Ան ընդգծեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի առաջադրած «ծրագիրը» երկրի փրկութեան վերջին առիթն է: Ֆրանսական այս թղթածրարը կազմուելիք կառավարութեան գործունէութեան հիմնաքարը կը կազմէ, եւ նախագահ Մաքրոնի հետ հանդիպումին ներկայ պատասխանատուները համաձայն էին անոր բովանդակութեան:

Նախորդը

Նախապատրաստական Քայլերու Մթնոլորտին Մէջ. Ճիգերը Կ՛ընթանան Քաղաքական, Տնտեսական Եւ Ընկերային Երեք Ուղղութեամբ

Յաջորդը

Ազրպէյճան Կը Շարունակէ Խախտել Մարդասիրական Զինադադարը. Երէկ` Ամէնէն Թէժ Մարտերը Վերջին Պատերազմին Ընթացքին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?