Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 62.944-ի, Իսկ Մահուան Պարագաներունը` 526-ի

Հոկտեմբեր 20, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 62.944-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 995 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 937-ը` տեղացիներ, իսկ 58-ը` Լիբանան ժամանած քաղաքայիններ:

Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 526 վարակուած պարագաներ մահացած են:

Այս ծիրին մէջ Ժունիէի եւ Քեսրուանի առեւտրականներու միութիւնը հաստատեց իր մերժումը` Ժունիէի եւ Քեսրուանի շուկաները փակ պահելու որոշման:

Միութիւնը դիտել տուաւ, որ այդ որոշումը գործադրելու պարագային բոլոր վաճառատուները սնանկացումի ենթակայ կրնան ըլլալ:

Միութիւնը ընդգծեց, որ ինք կը մերժէ զոյգ շրջաններու շուկաները փակ պահել` կոչ ուղղելով աւելի արդիւնաւէտ միջոցներու դիմելու` «Քորոնա» ժահրով վարակուելու ընթացքը կասեցնելու համար:

Նշենք նաեւ, որ Լիբանանի մէջ ռուսական դեսպանատան մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ Մոսկուա պատրաստ է «Քորոնա»-ի յատուկ պատուաստը տրամադրել Լիբանանին` աւելցնելով սակայն, որ այդ մէկը կատարելու համար լիբանանեան եւ ռուսական պետութիւններուն միջեւ պաշտօնական համագործակցութիւն պէտք է ըլլայ:

Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան երէկ շարունակեց դեղորայքի պահեստանոցներ տուած իր այցելութիւնները:

Այս շրջագիծին մէջ ան այցելեց Քարանթինայի դեղորայքի պահեստանոցը եւ հաստատեց, որ իրենք կը քննեն բոլոր այն պահեստանոցները, ուր ապահովութեան ուժերը դեղորայքի տեսականի կը բացայայտեն:

Հասան նշեց, որ լիբանանցի ժողովուրդը դեղորայքի հսկայական տեսականի մթերած է բնակարաններուն մէջ` դեղորայքին յատկացուած պետական նպաստին կասեցումին պատճառով:

Հասան ընդգծեց, որ այս այցելութիւններուն նպատակն է քաղաքացիներուն միջեւ դեղորայքի արդար բաժանում ապահովել` շեշտելով, որ դեղորայքի առնչութեամբ իւրացում ու սխալողն պիտի պատժուի, նոյնիսկ եթէ ան առողջապահութեան նախարարութեան պաշտօնեաներէն է:

Նախարարի պաշտօնակատարը աւելցուց, որ բացայայտուած են բազմաթիւ պարագաներ, երբ մահացած անձերուն հարազատները կը շարունակեն ստանալ հանգուցեալին հասնող դեղորայքը ու զանոնք կը վաճառեն:

Ան հաստատեց, որ քաղաքական ուժերը կը մերժեն դեղորայքին տրամադրուած պետական նպաստի կասեցումը, յատկապէս նկատի ունենալով նուազագոյն աշխատավարձի անփոփոխ մնալու իրավիճակը, որովհետեւ այդ նպաստը կասեցնելու պարագային երկիրը մարդկային եւ առողջապահական աղէտի պիտի մատնուի:

 

Նախորդը

Ուիսամ Հասանի Նահատակութեան Ը. Տարելիցին Առիթով Օսման Կ՛այցելէ Հասանի Դամբարանը

Յաջորդը

Պըրրի. «Պէյրութի Նաւահանգիստին Պայթումը Ազգային Վէրք Մը Պատճառած Է Եւ Զայն Կարելի Է Ամոքել` Քաղաքական Պառակտումներէ Հեռու Պահելով Եւ Արդար Հետաքննութիւն Ապահովելով»

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?