Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութեան Կազմութեան Թղթածրարը Զգուշաւոր Մթնոլորտ Կը Ստեղծէ

Հոկտեմբեր 16, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութեան կազմութեան նախապատրաստական քայլերու ծիրին մէջ նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ խորհրդարանական պարտադիր խորհրդակցութիւններու մէկ շաբաթով յետաձգման որոշումը երէկ դուռ բացաւ թեր ու դէմ մեկնաբանութիւններու:

Արդարեւ, անոնք, որոնք կեցուածքներու հոլովոյթի լոյսին տակ կանխատրամադրուած էին խորհրդակցութիւններու յետաձգման հաւանականութեան գծով` ողջունեցին որոշումը` մաղթելով, որ տեսակէտները «հասուննան» եւ կողմերուն համախոհութեամբ կազմուի նոր կառավարութիւնը` առանց յաւելեալ ձգձգումի:

Տարբեր Կարծիքներ` Խորհրդարանական Պարտադիր Խորհրդակցութիւններու Յետաձգման Մասին

Խորհրդարանական կարգ մը պլոքներ իրենք փափաքեցան յետաձգել խորհրդակցութիւնները եւ յաւելեալ առիթ տալ` տարակարծիք կողմերու միջեւ տեսակէտներու մերձեցման համար:

Նոյն ծիրին մէջ, Պաապտայի պալատի շրջանակներուն կարծիքով, նախագահ Աուն մեկնելով սահմանադրութեան 49-րդ յօդուածին տրամադրութիւններէն դիմեց խորհրդարանական պարտադիր խորհրդակցութեանց յետաձգումին` խուսափելու համար ժամավաճառութենէ եւ մօտիկ անցեալի փորձառութեան կրկնութենէն: Ըստ նոյն աղբիւրներուն, անձնական պատճառ չկայ նշեալ որոշումի ետին, եւ նախագահը կ՛ուզէ բոլոր կողմերուն մասնակցութեամբ համախոհական կառավարութեան մը կազմութիւնը` ակնարկելով Հզօր Լիբանան համախմբումի եւ Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի ղեկավարներու ժխտական կեցուածքներուն, առանց որոնց նոր դահլիճի կազմէն կրնան պակսիլ քրիստոնեայ դիմագիծի կարեւոր տարրեր:

Այլ պլոքներ զարմանքով եւ քննադատութեամբ մօտեցան յետաձգման որոշումին` առարկելով, որ նախագահ Աուն սահմանադրական խախտում արձանագրած եղաւ անտեսելով սահմանադրութեան 53-րդ յօդուածին 2-րդ կէտը: Ըստ անոնց, յետաձգման այս որոշումը հարուած մըն է ֆրանսական նախաձեռնութեան, որ կը թուի ըլլալ Լիբանանի փրկութեան լաստը:

Զգուշաւոր Հարցադրումներ

Վերջին շաբաթներու անցուդարձերուն տողընդմէջ ընթերցումին հետքերով կարգ մը հարցադրումներ կը ծագին` փորձելով ներքին եւ արտաքին ազդակներու միջեւ զուգահեռներ բացայայտել: Հոսկէ` ֆրանսական «ճնշումը» կառավարութեան շուտափոյթ կազմութեան գծով: Միաժամանակ` Սաատ Հարիրիի թեկնածութեան դէմ սէուտական վեթոյի վերացումը, ինչ որ «կարմիր գորգ» փռած էր Հարիրիի «վերադարձին գծով: Նոյն ծիրին մէջ, վարչապետութեան թեկնածու Սաատ Հարիրի վերջերս իր մէկ յայտարարութեամբ նշած էր, թէ իր գլխաւորելիք կառավարութիւնը վեց ամսուան համար պիտի գործէ` նշելով, որ «կուսակցութիւնները կրնան վեց ամսուան համար հեռու մնալ իշխանութենէն»: Իսկ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումին շուրջ բանակցութիւններու ամբողջացման ժամկէտ ճշդուած է յառաջիկայ վեց ամսուան ժամանակահատուածը, ինչ որ մտածել կու տայ, թէ Սաատ Հարիրիի գլխաւորելիք կառավարութիւնը պիտի գայ «յատուկ առաքելութեամբ» Իսրայէլի հետ բանակցութեանց ծրագիրը «գործադրելու» Իսրայէլի «ներկայացուցիչ» միջնորդ նկատուող ամերիկեան «կողմնացոյցով» ու աշխարհաքաղաքական հետեւանքներով, որոնք կրնայ յանգիլ նաեւ ապահովական «հակազդեցութիւններու»: Այս գծով վերջերս նախկին երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի այն «վկայութիւնը», թէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր  Ժահժահ  խոստովանած է իրեն, որ 15 հազար կազմ ու պատրաստ զինեալներ ունի «ճակատելու» համար Հըզպալլայի դէմ, երէկ հակառակ Ժահժահի հերքումին, լիբանանեան «Ախպար» թերթին փոխանցած տեղեկութիւնները եկան հաստատելու Ժահժահի վերագրուած «մտադրութիւնները», երբ Լիբանանի մօտ ամերիկեան դեսպանատան բարձրաստիճան պատասխանատու մը իր մեծաւորներուն զեկուցած է, թէ «Ժահժահ 7 մայիս 2008-ի նախօրեակին անակնկալօրէն իրեն հետ հանդիպելով փոխանցած է, թէ տասը հազար կազմ ու պատրաստ զինեալներ ունի Հըզպալլայի դէմ ճակատելու համար»: Ապահովական այս մտավախութիւններու լոյսին տակ կարգ մը մեկնաբանութիւններ կը զգուշացնեն, թէ մօտերս, նախքան ամերիկեան նախագահական 4 նոյեմբերի ընտրութիւնները, «խորհրդաւոր դէպք» մը կրնայ շրջել տուեալները եւ անակնկալի մատնել կողմերը:

Ապահովական, քաղաքական ու տնտեսական մտահոգութիւններու լոյսին տակ լիբանանցիներու հիմնական մաղթանքն է կառավարութեան շուտափոյթ կազմութիւնը` կանխելու համար բացասական որեւէ հաւանականութիւն:

Մինչ Այդ` «17 Հոկտեմբեր»-ի Ա. Տարեդարձի Ոգեկոչման Նախաքայլեր

Երկրի ներկայ իրավիճակի մթնոլորտին մէջ, 17 հոկտեմբեր 2019-ին բռնկած ժողովրդային շարժումի խմբաւորումներ կը պատրաստուին յատուկ ելոյթներով նշել այդ շարժումին առաջին տարելիցը: Շարժումի կարգ մը խմբաւորումներ հրաժարած են «Քորոնա»-ի պատճառով, ուրիշներ իրենց ձեռնարկները յետաձգած են 22 նոյեմբեր 2020-ին: Իսկ Լիբանանի համայնավար կուսակցութիւնը իր անդամներուն կոչ ուղղեց այսօր` ուրբաթ եւ վաղը` շաբաթ փողոց իջնելու եւ պարզելու իրենց պահանջները` քննադատելով երկրի այժմու վարչամեքենայի ղեկավարներուն վարքագիծը:

Այս բոլորին տակ կքած կայ մէկ անհերքելի  իրողութիւն, որ նշեալ կեցուածքներուն եւ քայլերուն «մուրհակը» կը վճարէ քաղաքացին` ի հեճուկս իր ապրուստին, առողջութեան եւ ապահովութեան:

 

 

Նախորդը

Նաւահանգիստի Պայթումին Գծով Պէյրութի Երեսփոխաններու Նիստի Աւարտին. «Վնասուած Քաղաքացիները Իրենց Տուները Պիտի Վերադարձնենք» Խոստացաւ Երեսփոխան Յակոբ Թերզեան

Յաջորդը

«Հաւատացիր Երգերուդ Իւրաքանչիւր Տողին Եւ Սիրայօժար, Մահն Աչքերուդ Գացիր Զոհաբերութեան» Ըսաւ Տոքթ. Էլի Թաշճեան` Գէորգ Հաճեանի Նուիրուած Ձեռնարկին

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?