Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Շիայի Եւ Քիւպիչի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Սահմանագծումին Վերաբերող Մանրամասնութիւններ Եւ Ցաւակցագիր Մը Յղեց Մաքրոնին

October 31, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւնները, լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Նաքուրայի մէջ ամերիկացի միջնորդին ներկայութեամբ ընթացող հարաւային Լիբանանի ծովային սահմանագծումին շուրջ անուղղակի բանակցութիւնները:

Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ նախորդ երկու օրերուն ընթացքին Նաքուրայի մէջ տեղի ունեցած անուղղակի բանակցութիւնները դրական ընթացք ունեցած են` մաղթելով, որ այդ բանակցութիւններուն հիմամբ կարելի ըլլայ յանգիլ լուծումի մը:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչ, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց սահմանագծումին վերաբերող մանրամասնութիւնները, յատկապէս չորեքշաբթի, 28 եւ հինգշաբթի, 29 հոկտեմբերին տեղի ունեցած բանակցութիւնները եւ տիրող դրական մթնոլորտը:

Պէտք է աւելցնել, որ հարաւային Լիբանանի ծովային սահմանագծումին շուրջ անուղղակի բանակցութիւններուն երրորդ նիստը տեղի ունեցաւ նախանցեալ օր: Բանակցութիւնները պիտի շարունակուին յառաջիկայ ամսուան ընթացքին:

Նախագահ Աուն լիբանանցիները եւ յատկապէս իսլամները շնորհաւորեց Մոհամետ մարգարէի ծննդեան տօնին առիթով: Ան յոյս յայտնեց, որ յաջորդող օրերը ըլլան սկիզբ` լուծելու համար այն հարցերը, որոնց պատճառով կը տառապին բոլոր լիբանանցիները:

Նշենք, որ նախագահ Աուն ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին` խստիւ դատապարտելով Նիսի մէջ գործուած ահաբեկչական յարձակումը:

Նախագահ Աուն Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն անունով զօրակցութիւն յայտնեց Ֆրանսային, ինչպէս նաեւ ցաւակցեցաւ ահաբեկչութեան զոհերու ընտանիքներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:

Նախորդը

«20 Տարիէ Ի Վեր Նախարարութիւններու Հերթափոխութեան Սկզբունքին Համաձայն Ենք Եւ Կը Պահանջենք, Իսկ Այս Փուլին Բարեկարգումներու Ծրագիրին Գործադրութիւնը Կը Մնայ Կարեւորագոյնը» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Յաջորդը

Արցախի Նախագահը Ընդունեց Պելճիքացի Երեսփոխաններու Պատուիրակութիւն Մը

RelatedPosts

Բագրատունի. «Կը Զգուշացնենք Զէնքի  Մենաշնորհման Թղթածրարին Մէջ  Ուժի Կիրարկման Դիմելէ»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Կը Զգուշացնենք Զէնքի Մենաշնորհման Թղթածրարին Մէջ Ուժի Կիրարկման Դիմելէ»

November 9, 2026
Եաշար Կուսակցութիւն. «Այզենքոթ Լիբանանէն  Հեռանալու Բանակցութիւններ Չի Վարեր»
Լիբանանեան

Եաշար Կուսակցութիւն. «Այզենքոթ Լիբանանէն Հեռանալու Բանակցութիւններ Չի Վարեր»

November 9, 2026
«Լիբանանի Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան  Պահպանումը Ֆրանսայի Առաջնահերթութիւններէն Է»  Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Դեսպանը
Լիբանանեան

«Լիբանանի Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Պահպանումը Ֆրանսայի Առաջնահերթութիւններէն Է» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Դեսպանը

November 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.