Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Վարչապետ Հարիրիի Հետ Շարունակեց Քննարկել Կառավարութեան Կազմութեան Թղթածրարը

October 29, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, որուն հետ շարունակեց քննարկել կառավարութեան կազմութեան թղթածրարը` զարգացումի եւ հանդարտ մթնոլորտի մէջ:

Հանդիպումէն ետք վարչապետ Հարիրի մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու, սակայն աւելի ուշ վարչապետին մամլոյ գրասենեակը յայտարարեց, թէ կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւնները կը կատարուին միայն իր եւ նախագահ Աունի միջեւ` զարգացումի, փոխըմբռնումի եւ դրական մթնոլորտի մէջ:

Նշենք, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ յայտնեց, որ նոր կառավարութիւնը կրնայ յայտարարուիլ 4-5 օր ետք, եթէ մթնոլորտը մնայ դրական:

Միւս կողմէ, նախագահ Աունի այցելեց ռուսական դիւանագիտական եւ զինուորական պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի յատուկ պատուիրակ Ալեքսանտր Լաւրենթիեւի:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Մոսկուայի` Լիբանանի տրամադրած անոր օժանդակութեան համար:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ իրեն համար կարեւոր է արագ լուծում մը գտնել սուրիացի տեղահանուածներու հարցին տունդարձի հարցին: «Այս իմաստով պէտք է նկատի ունենալ, որ սուրիական կարգ մը շրջաններու մէջ կացութիւնը արդէն իսկ կայուն դարձած է, իսկ Լիբանան այլեւս չի կրնար սուրիացի տեղահանուածներու հարցին հետեւանքները հանդուրժել, որովհետեւ ըստ Միջազգային դրամական ֆոնտին, տեղահանուածներուն պատճառով Լիբանան 40 միլիառ տոլարի վնասներ կրած է», ըսաւ նախագահ Աուն:

Նախագահ Աուն յոյս յայտնեց, որ Ռուսիա հրաւիրէ նոր խորհրդաժողովի մը` քննարկելու համար սուրիացի տեղահանուածներուն հարցը, մարդկային այս տագնապին յարմար լուծման մը յանգելու նպատակով:

Ան շեշտեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը քաղաքական լուծման առնչելը բնաւ քաջալերական չէ:

Լաւրենթիեւ իր կարգին Փութինի ողջոյնները եւ բարեմաղթութիւնները փոխանցեց լիբանանցի ժողովուրդին` անոր մաղթելով զարգացում եւ բարգաւաճում:

Լաւրենթիեւ յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Ռուսիոյ միջեւ կան ամրապնդուած յարաբերութիւններ, եւ Մոսկուա պատրաստ է ամէն տեսակ օժանդակութիւն տրամադրելու Լիբանանին` վերակառուցելու եւ նորոգելու համար Պէյրութի նաւահանգիստին պատճառով քանդուած ենթակառոյցը:

Ռուսական պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ հրաժարած վարչապետ Հասսան Տիապի, որ յայտնեց, թէ ռուսական կողմին նախաձեռնութիւնը կը համընկնի 14 յուլիսին Լիբանանի կառավարութեան վաւերացուցած ծրագիրին հետ:

 

 

Նախորդը

Միւֆթի Տըրիան. «Փրկութեան Կառավարութիւն Կազմելու Հարիրիի Ճիգը Առիթ Մըն Է, Որ Բոլոր Ուժերուն Կողմէ Պէտք Է Օգտագործուի»

Յաջորդը

Օհանեան-Գէորգեանի Հետ Հանդիպման Ընթացքին Շրէյմ Զօրակցութիւն Յայտնեց Հայ Ժողովուրդին

RelatedPosts

Սալամ. «Մեր Եղբայրներէն Ու Միջազգային  Գործընկերներէն Չենք Խնդրեր, Որ Մեր Գործը  Մեր Տեղ Ընեն, Այլ Մեզի Օգնեն»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Ընտրութիւնները Յետաձգելու Կարող Միակ Կողմը Խորհրդարանն Է, Եւ Հըզպալլային Կոչ Կ՛ուղղեմ Երկիրը Նոր Արկածախնդրութեան Չտանելու»

February 25, 2026
Ռաժժի. «Գոյութիւն Ունին Ցուցանիշեր, Թէ Մագլցումի  Պարագային Իսրայէլ Կրնայ Ուժեղ  Հարուածներ Հասցնել Լիբանանին  Եւ Կրնայ Պէյրութի Օդակայանը Թիրախաւորել»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Գոյութիւն Ունին Ցուցանիշեր, Թէ Մագլցումի Պարագային Իսրայէլ Կրնայ Ուժեղ Հարուածներ Հասցնել Լիբանանին Եւ Կրնայ Պէյրութի Օդակայանը Թիրախաւորել»

February 25, 2026
Ֆատլալլա. «Խորհրդարանի Նստաշրջանի  Երկարաձգում Պարտադրելու Արտաքին  Միջամտութիւն Գոյութիւն Ունի»
Լիբանանեան

Ֆատլալլա. «Խորհրդարանի Նստաշրջանի Երկարաձգում Պարտադրելու Արտաքին Միջամտութիւն Գոյութիւն Ունի»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.