Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Հոկտեմբեր 29, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան կոչ ուղղեց կազմելու կառավարութիւն մը, որ կրնայ շրջանցել այն քայլերը, որոնք փճացուցած են ժողովրդավարական վարչակարգի աշխատանքային գործիքակազմը: Ան կոչ ուղղեց նշանակելու պարկեշտ, ատակ եւ հաւասարակշռուած նախարարներ:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը 500 լ. ոսկիով նուազած է, իսկ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը` 600 լ. ոսկիով:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի ընդունեց նախկին երեսփոխան Էմիլ Ռահմէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Պուսթանի յայտնեց, որ համախմբումը կարելի եղածին չափ պիտի դիւրացնէ կառավարութեան կազմութիւնը:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա հաստատեց, որ «Քորոնա»-ի համաճարակէն ժողովուրդին պաշտպանութիւնը յանդուգն որոշումներու կարիքը ունի:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Նասրալլա ընդգծեց, որ Արեւմուտքի ղեկավարներուն կողմէ իսլամութեան նկատմամբ ցուցաբերուած մերժումը կը հաստատէ, որ իրենց ժողովրդավարութեան մասին անոնք կը ստեն, ինչպէս նաեւ իսլամութեան մասին անգէտ են:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտի Մաալուֆ յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր եւ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնները Կեդրոնական դրամատան հաշիւները իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկելու պահանջին կառչած մնալով կը զօրակցին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կեցուածքներուն: «Ջանքերու մէկտեղումն ու զօրակցութիւնը ի վերջոյ պիտի դրսեւորուի բարեկարգումի այս քայլին իրագործումով», ըսաւ ան:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ֆայսալ Սայէղ յոյս յայտնեց, որ կառավարութիւնը կազմուի այս շաբաթավերջին եւ կամ առաւելագոյնը` յառաջիկայ շաբաթասկիզբին:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ «Քորոնա»-ի համաճարակը շատ աւելի պիտի տարածուի ձմրան սեմին:

ՊԷՅՐՈՒԹԻ նահանգապետ Մարուան Ապպուտ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Դանիոյ եւ Յունաստանի դեսպաններուն, ինչպէս նաեւ ֆրանսական դեսպանատան մէկ պատուիրակութեան հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Պէյրութի վերակառուցման միջոցները:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ կը հաստատեն, որ մօտիկ ապագային կառավարական կազմի պատկերացում մը գոյանայ: Նոյն օրաթերթը կը գրէ, թէ եթէ յետին նպատակներ չըլլան եւ քաղաքական ուժերը գործակցին, ապա նոր կառավարութիւնը կարելի է յայտարարել կիրակի կամ երկուշաբթի:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրի ներկայիս կ՛ուսումնասիրէ տասնեակ թեկնածուներու անուններ, որոնք ներկայացուած են նախարարութեան պաշտօնին համար:

 

Նախորդը

Ընդունելով Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութեան Պատուիրակութիւնը` «Արցախի Հարցին Մնայուն Լուծման Միակ Միջոցը Միջազգային Ճանաչումն Է» Հաստատեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յաջորդը

Սահմանագծումի Անուղղակի Բանակցութիւններու Երկրորդ Նիստը Աւարտեցաւ

RelatedPosts

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ  Լայնածաւալ Ռազմափորձեր
Լիբանանեան

Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ Լայնածաւալ Ռազմափորձեր

Հոկտեմբեր 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?