Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Մոհամետ մարգարէի ծննդեան տօնին առիթով արտասանած իր պատգամին մէջ հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով Լիբանանի մէջ տիրող մթնոլորտը դրական է` աւելցնելով, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի համահունչ կառավարութիւն մը կազմելու եւ քաղաքացիներուն կուտակուած հարցերը լուծելու նպատակով:
Տըրիան հաստատեց, որ այսուհետեւ բաղձալի չէ համայնքային, յարանուանական եւ տեղայնական արտայայտութիւններ լսել` աւելցնելով, որ հայրենիքը բոլորին է, հետեւաբար այս կամ այն կողմը չի կրնար պաշտօններ իւրացնել:
Միւֆթի Տըրիան ընդգծեց, որ եթէ լիբանանցին ինքնիրեն եւ իր երկրին օգտակար չդառնայ, ոչ ոք պիտի օժանդակէ Լիբանանին:
«Այս ճակատագրական պայմաններուն ընթացքին փրկութեան կառավարութիւն մը կազմելու վարչապետ Սաատ Հարիրիի ճիգը առիթ մըն է, որ բոլոր ուժերուն կողմէ պէտք է օգտագործուի», հաստատեց ան:
Տըրիան նշեց, որ հայրենիքին բարօրութեան յանձնառու բոլոր լիբանանցիներուն պահանջն է փրկութեան կառավարութեան կազմութիւնը, իսկ քաղաքական ուժերուն պատասխանատուութիւնն է տագնապներէն փրկել Լիբանանը:
Պըրրի Կոչ Կ՛ուղղէ Պահպանելու Լիբանանը
Իր կարգին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի լիբանանցիները շնորհաւորեց Մոհամետ մարգարէի ծննդեան տօնին առիթով:
Ան մաղթեց, որ այս տօնին առիթով ծայրայեղութեան փոխարէն չափաւորականութիւնը ըլլայ տիրական: Ան կոչ ուղղեց բոլորին պահպանելու Լիբանանը:
Այս առիթով Պըրրի աւելցուց նաեւ, որ Պաղեստինը արաբական է եւ ոչ թէ եբրայական` աւելցնելով, որ Պաղեստինի վերածնունդը անպայման պիտի գայ` մարգարէներուն հետ: