Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կառավարութեան Կազմութիւնը Կասեցնողը Շահեր Կը Հետապնդէ Եւ Ոչ Թէ Ազգային Սկզբունքներ» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

November 2, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ հաստատեց, որ կարելի չէ մարդկային ընկերութիւն մը կամ քաղաքացի կերտել` Աստուծոյ խօսքէն հեռու մնալով:

Ան նշեց, որ Լիբանանի մէջ այս է բոլորին ընթացքը` աւելցնելով, որ իւրաքանչիւրը իր անձնական շահերը կը հետապնդէ եւ արտաքին նուիրուածութեան հաւատարմութիւնը պահպանել կը ջանայ: «Մինչդեռ գործադիր իշխանութեան առումով բացակայութիւն կը տիրէ, իսկ երկիրը ապահովական եւ վարչական քաոսի մէջ կը գտնուի ապօրինի զէնքին գոյութեան, աւազակութեան, յարձակումներուն, դատական իշխանութիւններու քաղաքականացումին, ինչպէս նաեւ մաքսանենգումին պատճառով», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարքը հարց տուաւ, թէ մինչեւ ե՞րբ պատասխանատուներ, քաղաքական անձնաւորութիւններ եւ կուսակցութիւններ միջամուխ պիտի դառնան կառավարութեան կազմութեան արգելակումին:

«Կառավարութեան կազմութիւնը կասեցնողը շահեր կը հետապնդէ եւ ոչ թէ ազգային սկզբունքներ», հաստատեց Ռայի պատրիարքը:

Ան կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն վերջ տալու վարչապետին վրայ բանեցուցած իրենց ճնշումին, որպէսզի ան կարենայ հանրապետութեան նախագահին հետ յայտարարել կառավարութիւն մը, որ կրնայ երկրին դիմագրաւած հարցերուն լուծման մակարդակով փոփոխութիւն յառաջացնել:

«Բայց եւ այնպէս յաջորդ կառավարութեան կազմին մասին հասած որոշ տուեալներ մտահոգութիւններու դռներ կը բանան», աւելցուց ան:

Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց նաեւ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային ու ցամաքային սահմանագծումը կատարելու:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Գահիրէի Մէջ. Օհանեան-Գէորգեան Այցելեց Արաբական Սկաուտական Կեդրոնատեղին

RelatedPosts

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

October 24, 2026
Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան  Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի  Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»
Լիբանանեան

Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»

October 24, 2026
Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը  Հեռանայ Լիբանանէն»
Լիբանանեան

Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը Հեռանայ Լիբանանէն»

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.