ԱՆՏԻՈՔԻ եւ համայն Արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Եուսեֆ Ապսի պատրիարքը երէկ պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը հաստատեց, որ իրենք կը մերժեն կառավարութիւն մը, որուն մէջ յոյն կաթողիկէ համայնքը ըստ արժանւոյն չի ներկայացուիր:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի: Նիստին ընթացքին հաստատուեցաւ, որ պէտք է արագացնել կառավարութեան կազմութիւնը, եւ այդ աշխատանքը արտաքին որեւէ զարգացումի հետ պէտք չէ կապել:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտի Մաալուֆ յայտնեց, որ կարելի չէ ընդունիլ, որ 18 նախարար հաշուող կառավարութեան մէջ յոյն կաթողիկէ համայնքը ներկայացուի մէկ նախարարով:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Տահեր յայտնեց, որ ֆրանսական նախաձեռնութիւնը, ամերիկեան ճնշումները, երկրին ընկերային իրավիճակն ու տնտեսական եւ ելեւմտական սուր տագնապը` կառավարութիւնը կազմելու բաւարար ազդակներ չէին:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան մթնոլորտը դրական է` աւելցնելով, որ անիկա կարիքը ունի յաւելեալ հաղորդակցութիւններու եւ խորհրդակցութիւններու:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ուալիտ Պաարինի յայտնեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի կառավարութեան կազմութեան պատասխանատուութենէն հրաժարելու կացութեան մէջ չի գտնուիր:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութիւնը յայտնեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի կառավարութեան կազմութեան հարցով ներկայացուցած է առաջարկ մը, որ համազօր է վտանգաւոր խաղի եւ կրնայ երկրին մէջ աղէտ պատճառել:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կառավարութիւն կարելի չէ կազմել` նախքան Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան կայացումը: Ան աւելցուց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ իր հարցը այն է, որ ան լրիւ Հըզպալլայի կամքին ենթակայ է, «մինչդեռ վարչապետ Սաատ Հարիրի այդ կարգավիճակին մէջ չէ», ըսաւ ան:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի պատասխանատուներէն Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ ապօրինի զէնքի թղթածրարը Լիբանանի տնտեսական կացութեան վատթարացման իսկական պատճառներէն մէկն է:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ երկրին մէջ պատահած բոլոր հարցերուն եւ տագնապներուն համար հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը պատասխանատու չենք նկատեր, սակայն կը հաստատենք, որ երկրին կացութիւնը բարելաւելու եւ բարեկարգումներ գործադրելու լուրջ փորձեր չեն կատարուած:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ հարաւային Լիբանանի եւ Մեթնի վերեւ թռիչքներ կատարեց` ոտնձգութիւններ գործելով լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ եւ խախտելով ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը: