Լիբանանի տարածքին գործող դեղարաններուն 60 առ հարիւրը երէկ կատարեց գործադուլ մը, որուն զուգահեռ դեղագործներ նստացոյց մը կատարեցին առողջապահութեան նախարարութեան դիմաց` պահանջելով պէտք եղած քանակով դեղորայք ներածել:
Անոնք սպառնացին իրենց դեղարանները մնայուն փակ պահել` իրենց պահանջը անտեսելու պարագային:
Դեղագործները հաստատեցին, որ իրենց գործադուլը քաղաքացիներուն դէմ չէ ուղղուած:
Նշենք, որ Սեփական հիւանդանոցներու սենտիքայի նախագահ Սլէյման Հարուն յայտնեց, որ առողջապահական մարզը ահաւոր վիճակի մէջ կը գտնուի` աւելցնելով, որ անիկա կը նմանի երկրին եւ անոր տարբեր մարզերուն պարզած քաոսային վիճակին:
Հարուն յայտնեց, որ ներկայ կացութիւնը նոյն ձեւով շարունակուելու պարագային կարգ մը անձնական հիւանդանոցներ ստիպողաբար պիտի փակեն իրենց դռները` աւելցնելով, որ հիւանդանոցները անկարող են դեղորայք եւ բժշկական սարքեր ու պիտոյք գնելու:
Ցամաքային Փոխադրութեան Մարզը 25 Մարտին
Կ՛որոշէ Իր Կատարելիք Մագլցողական Քայլերը
Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայս երէկ յայտնեց, որ կարելի չէ ներկայ իրավիճակով շարունակել` հարց տալով, թէ «ո՞վ է պատասխանատուն, որ ժողովուրդին պենզին չի տրամադրուիր: Նպատակը ցամաքային փոխադրութեան մարզը հարուածե՞լ է:
Թլայս յայտնեց, որ Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու ու Հանրութեան փոխադրութեան յատուկ ինքնաշարժներու վարորդներու համադաշնակցութիւնները, այլ խօսքով` ցամաքային փոխադրութեան մարզին կողմէ
մագլցողական քայլերու որոշում պիտի տրուի հինգշաբթի, 25 մարտին: «Այսօր պատասխանատուութիւնը կ՛իյնայ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիի վրայ. անոնք պէտք է կառավարութիւն կազմեն, որովհետեւ ժողովուրդին արժանապատուութիւնը աւելի կարեւոր է, քան` 100 նախարար, որո՛նք որ ալ ըլլան այդ նախարարները», ըսաւ Թլայս:
Միւս կողմէ, Համայնավար կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Հաննա Ղարիպ երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կոչ ուղղեց այսօրուընէ սկսեալ բողոքի ցոյցեր կազմակերպելու: Ան նշեց, որ Համայնավար կուսակցութիւնը ցոյցեր պիտի կատարէ այսօր` ուրբաթ 19, շաբաթ 20 եւ կիրակի 21 մարտին` Պէյրութի, Մերժահիուն-Հասպայայի եւ Նապաթիէի մէջ: ան նշեց, որ քայլարշաւ մը պիտի կազմակերպուի 28 մարտին` Պէյրութի մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Կեդրոնական դրամատան դիմացէն տեղի ունենալիք երթով, «ինչպէս նաեւ պիտի կազմակերպենք 1 մայիսին տեղի ունենալիք շարժումները», ըսաւ ան:




