Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 20, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 3588 վարակուածներ եւ 55 մահացածներ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդունեց ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմին, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրավիճակը: Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Իմատ Հուպալլա յայտնեց, որ Լիբանան տակաւին կը շարունակէ Ռուսիոյ հետ գործակցիլ` «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստը Լիբանանի մէջ պատրաստելու համար:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Թարեք Մաժզուպ շեշտեց, որ «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստը պէտք է տրամադրել կրթական մարզի ընտանիքին:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Հատի Ապուլ Հասան կոչ ուղղեց անմիջապէս սկսելու կարիքաւոր ընտանիքներու օժանդակութեան բացիկները պատրաստելու աշխատանքին: Ան բարձր գնահատեց Միջազգային դրամատան կողմէ օժանդակութիւնը ամերիկեան տոլարով տրամադրելու յանձնարարականը` աւելցնելով, որ իրենց հիմնական պահանջը այդ է:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Իմատ Ուաքիմ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլին կոչ ուղղեց հանգստանալու, որպէսզի երկիրն ալ հանգստանայ: «Մենք ենք, որ երկիրը պիտի կարենանք վերականգնել», ըսաւ ան:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Պուսթանի յայտնեց, որ քաղաքական համաձայնութեան ամբողջանալուն համար պէտք է նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ հանդիպում մը ունենան:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ պայքարելու միակ միջոցը պատուաստն է:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Տահեր ընդգծեց, որ երբ կառավարութիւնը կազմուի, ամերիկեան տոլարին սակը պիտի նուազի ու հասնի 7.000 լիբ. ոսկի: Ան շեշտեց, որ պէտք է Լիբանանի ապագային համար մշակել քաղաքական եւ տնտեսական յստակ ծրագիր մը, որուն մէջ յստակ դերակատարութիւն պէտք է յանձնել սեփական մարզին:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Հանրի Հըլու շեշտեց, որ նոր կազմուելիք կառավարութեան գործունէութիւնը կարիքը ունի վստահութեան հովանաւորութեան:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Հանի Շմայթլի յայտնեց, որ նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէի հետ ոչ մէկ հարց գոյութիւն ունի` աւելցնելով, որ նախարարութեան աշխատանքները կատարեալ հեզասահութեամբ կ՛ընթանան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի փոխնախագահ Մուսթաֆա Ալլուշ ընդգծեց, որ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ հանդիպումին ընթացքին կարելի եղածին չափ դրական փորձած է ըլլալ: Ան շեշտեց որ երկուշաբթի օրուընէ սկսեալ արձակուրդ է, որովհետեւ Հարիրի բնաւ չի փափաքիր վերադառնալ քաղաքական կառավարութեան: Ալլուշ ընդգծեց նաեւ, որ ցարդ ոչ մէկ նորութիւն կայ` կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին առումով:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր կողմերուն պատմութենէն դասեր քաղելու եւ համաձայնելու ու վերջ տալու քաղաքական գրաւներուն, որոնք ցնորական են եւ ոչ մէկ տեղ կը հասցնեն:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ իր կուսակցութիւնը յառաջ կ՛ընթանայ` գործերով պաշտպանելու Լիբանանը եւ պատերազմ մղելու փտածութեան դէմ:

ՏՆՏԵՍԱԳԷՏ Ուալիտ Ապու Սլէյման յայտնեց, որ եթէ երկուշաբթի օր կառավարութիւն չկազմուի, ապա երկրին կացութիւնը յաւելեալ վատթարացումի ենթակայ պիտի ըլլայ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի մօտիկ աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ եթէ նախագահ Աուն իրաւական հաշուեքննութեան կառչած չմնայ, կառավարութիւնը կը կազմուի, եւ 18 նախարարներն ալ նախագահ Աունը կրնայ ճշդել:

 

Նախորդը

Ակնարկ. Երկուշաբթի Օրուան Առիթը Եւ Բացակայող Նախադրեալները

Յաջորդը

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Սամի Ժեմայէլը

RelatedPosts

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին

September 17, 2026
Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է,  Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ  Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական  Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»
Լիբանանեան

Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է, Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.