Արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Մարի Քլոտ Նաժըմ շաբաթավերջին այցելեց Ֆրանսայի Լանմեզանի արգելարանին մէջ գտնուող լիբանանցի քաղաքական բանտարկեալ Ժորժ Ապտալլային:
Նաժըմ – Ապտալլա հանդիպումը տեւեց երեք ժամ:
Նշենք, որ 2020 մայիսին Նաժըմ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած էր Ֆրանսայի արդարութեան նախկին նախարար Նիքոլ Պլոպիի հետ` նկատի ունենալով, որ Ապտալլա հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին ամբողջացուց իր բանտարկութեան 37-րդ տարին:
Ապտալլայի ընտանիքը բարձր գնահատեց Նաժըմի կատարած այս այցելութիւնը` յոյս յայտնելով, որ անոր ջանքերը դրական արդիւնքներով կը պսակուին:



