Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Իպրահիմ մեկնեցաւ մերժելով մեկնաբանութիւն կատարել:
Պըրրիի այցելեց նաեւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ռեմոն Ղաժարը, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս ելեկտրականութեան եւ վառելանիւթի թղթածրարներն ու նախարարութեան վերաբերող հարցեր:
Միւս կողմէ, Պըրրի ստորագրեց անցեալ ուրբաթ օր խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին վաւերացուած օրինագիծերը եւ զանոնք ուղարկեց կառավարութեան:



