Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Քորոնա» Ժահրով Մահացողներուն Թիւը Օրական Դրութեամբ Աճ Կ՛արձանագրէ

March 18, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 3544 վարակուածներ եւ 62 մահացածներ:

Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան յայտնեց, որ նախարարութիւնը իր պահանջած պատուաստներուն պարագային կը հիմնուի Առողջապահութեան միջազգային կազմակերպութեան յանձնարարած պատուաստի տեսակներուն վրայ` աւելցնելով, որ կարելի չէ դիմել որեւէ միջոցառումի, որ քաղաքացիներուն կեանքը վտանգի կ՛ենթարկէ:

Ան նշեց, որ «Ասթրազենիքա» պատուաստին առումով, նախարարութիւնը տակաւին սպասողական վիճակի մէջ է` հակառակ անոր որ այդ մասին միջազգային բոլոր տեղեկագիրները կը հաստատեն, որ այդ պատուաստին առաւելութիւնները շատ աւելի են, քան վտանգներ պատճառելու հաւանականութիւնը: «Ամէն պարագայի, «Ասթրազենիքա» պատուաստի առաջին բաժինը Լիբանան պիտի փոխադրուէր մարտի կիսուն, սակայն ընկերութիւնը կասեցուց այդ գործառնութիւնը, որովհետեւ պատուաստին ժխտական ազդեցութիւններուն մասին տեղեկութիւնները արդէն իսկ շրջանառութեան մէջ էին», ըսաւ ան:

Ան նշեց, որ բժշկական մարզի անձնակազմերուն պարագային ե-հարթակին վրայ արձանագրուողներուն 70 առ հարիւրը պատուաստը ստացած է` աւելցնելով, որ նախարարութիւնը կը փորձէ ե-հարթակի դրութիւնը բարելաւել եւ կատարելագործել:

Հասան շեշտեց, որ 65 տարիքէն վեր քաղաքացիներուն եւ մահացու հիւանդութիւններ ունեցող պարագաներուն պատուաստումը պիտի կատարուի յառաջիկայ շաբթուընէ սկսեալ:

Առողջապահութեան նախարարութեան բժշկական հոգատարութեան բաժանմունքի տնօրէն Ժոզեֆ Հըլու յայտնեց, որ Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի վերակենդանացման բաժանմունքները արդէն իսկ լեցուն են` աւելցնելով, որ պատուաստ ստացող քաղաքացիները պէտք է շարունակեն նախազգուշութիւնները առնել:

Հըլու կոչ ուղղեց բոլորին յանձնառու մնալու նախազգուշական միջոցառումներուն, որովհետեւ բոլորը վարակուելու վտանգին ենթակայ են:

Հիւանդապահներու սենտիքայի նախագահ Միրնա Ապտալլա Տումեթ յայտնեց, որ աւելի քան 2000 հիւանդապահներ «Քորոնա» ժահրով վարակուած են եւ 5 հիւանդապահներ մահացած են այդ պատճառով, իսկ 1000 ուրիշներ արտագաղթած են կամ իրենց ասպարէզը լքած` տիրող տնտեսական տագնապալի կացութեան պատճառով:

Տումեթ յայտնեց, որ հիւանդապահներու մեծ թիւ մը նաեւ արտագաղթելու ընթացքին մէջ կը գտնուի` զգուշացնելով, որ առողջապահական մարզը կը կորսնցնէ իր փորձառուները, որոնք վստահելի սիւներն են:

«Ասիկա շատ վտանգաւոր է առողջապահութեան մարզին համար եւ սպառելու պարագային բժշկական հոգատարութիւն տրամադրող ոչ ոք պիտի մնայ: Արդեօք այս մասին առողջապահութեան եւ ելեւմուտքի նախարարները տեղեա՞կ են», հարց տուաւ ան:

Տումեթ ընդգծեց, որ բժշկական եւ առողջապահական մարզը այդ մարզերու նման չէ եւ անոր պարագային կարելի չէ սեղմումներ կատարել: Ան ողջունեց բոլոր հիւանդապահները եւ կոչ ուղղեց անոնց միասնականութեամբ պահանջելու իրենց իրաւունքները:

Նշենք նաեւ, որ Դեղագործներու սենտիքայի նախագահ Ղասսան Ամին յայտնեց, որ նախորդ երկու ամիսներուն ընթացքին 300 դեղարաններ փակած են իրենց դռները` աւելցնելով, որ դեղագործութեան մարզը «թթուածին»-ի վրայ կը շարունակէ ապրիլ:

Ամին հաստատեց, որ դեղորայքի պահեստները հետզհետէ կը նուազին` աւելցնելով, որ պետութեան կողմէ դեղորայքին տրամադրուած նպաստին կասեցումը մեծ աղէտ է եւ կը նշանակէ Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկին եւ Պետական պաշտօնեաներու համագործակցականին, ինչպէս նաեւ ապահովագրութեան այլ ընկերութիւններուն սնանկացումը:

 

Նախորդը

Ռիատ Սալամէ Այցելեց Հարիրիի Եւ Ուազնիի

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Եւ Պըրրի Ընդունեցին Արսլանը

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.