Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանը` ընկերակցութեամբ նախկին նախարար Սալեհ Ղարիպի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթն ու այդ իմաստով կատարուող խորհրդակցութիւնները:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին ընդունեց Արսլանն ու Ղարիպը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները:



