Լիբանանեան

Յ. Բագրատունի Ընդունեց  Ալի Տարուիշը

Յ. Բագրատունի Ընդունեց Ալի Տարուիշը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց երեսփոխան Ալի Տարուիշը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս քաղաքացիներուն ապրած մտահոգութիւններն ու վախը` տարբեր մակարդակներու վրայ տագնապներու խորացման եւ սաստկացումին պատճառով: Հանդիպումին ընթացքին Տարուիշ հաստատեց ճիգերը շարունակելու եւ կառավարութիւն մը կազմելու կարեւորութիւնը, որպէսզի Լիբանան գերիշխան եւ գործնական որոշում ունենայ` դուրս գալու քաղաքական, տնտեսական եւ...

Պաապտայի Մէջ.   «Կառավարութեան Կազմութիւնը Ճիշդ Հունի Մէջ Կը Գտնուի»  Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

Պաապտայի Մէջ. «Կառավարութեան Կազմութիւնը Ճիշդ Հունի Մէջ Կը Գտնուի» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

Կառավարութեան կազմութեան շրջագիծին մէջ, նախորդող օրերուն վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի Պաապտա այցելութիւններ չկատարելը զգալի էր: Մինչ վարչապետ Միքաթիի գրասենեակը հերքեց անոր վերագրուող շարք մը յայտարարութիւններ եւ լրատուամիջոցներէն կը խնդրէ ստուգել լուրերը եւ ապա հրապարակել զանոնք` առանց հեքիաթներ պատմելու, նախագահական պալատը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հրատարակած այն լուրը, թէ նախագահ Աուն 24 նախարարէ բաղկացած կառավարութեան մէջ...

Վառելանիւթի Տագնապը  Պատճառ Կրնայ Դառնալ  Բազմաթիւ Այլ Փորձանքներու

Վառելանիւթի Տագնապը Պատճառ Կրնայ Դառնալ Բազմաթիւ Այլ Փորձանքներու

Գրեթէ երկու տարիէ ի վեր կենցաղային տագնապալի պայմաններու մէջ ապրող լիբանանցիներուն համար երկիրը ամէնօրեայ դրութեամբ յաւելեալ դժոխքի կը վերածուի: Աւելի՛ն. քանի մը օրէ ի վեր շեշտուած կերպով ինքզինք պարտադրող վառելանիւթի տագնապը պատճառ դարձաւ նաեւ, որ լիբանանցիներուն օդն ալ կտրուի` ամրան այս տօթին, եւ քաղաքացիները ստիպուին պարպել իրենց սառնարանները` զանոնք ենթարկելով պահարանի համապատասխան գործածութեան: Մազութի չգոյութեան պատճառով հիւանդանոցները կրնան փակուիլ, արդիական...

«Հզօր Լիբանան» Համախմբումը Քննարկեց Երկրին Ընկերային Եւ Առողջապահական Զարգացումները

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Կը Մերժենք Ռայի Պատրիարքին Դէմ Ցեխարձակումները Եւ Կը Շեշտենք Թիւ 1701 Բանաձեւին Յանձնառու Մնալու Կարեւորութիւնը»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ նախանցեալ օր նախագահեց Հզօր Լիբանան համախմբումի առցանց նիստին, որմէ բխած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ համախմբումը կը վերահաստատէ  վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կողմէ` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ գործակցութեամբ, ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կառավարութիւն մը կազմելու կարեւորութիւնը: «Կառավարութիւն մը, որ կարողութիւն ունենայ կասեցնելու երկրին փլուզումը, ինչպէս նաեւ իրականացնելու անհրաժեշտ բարեկարգումը, մասնաւորաբար իրաւական հաշուեքննութիւնը, Լիբանանէն...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 2591 վարակուածներ եւ մահացած 6 ուրիշներ: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Մախզումի յայտնեց, որ երկրին խաղաղութեան կամ պատերազմի որոշումները լիբանանեան պետութեան իրաւունքը պէտք է ըլլան: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի...

Նախագահ Աուն Կը Մերժէ  Ռայի Պատրիարքին Դէմ Արշաւը

Նախագահ Աուն Կը Մերժէ Ռայի Պատրիարքին Դէմ Արշաւը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ` հաստատելով, որ մարոնի պատրիարքութեան եւ Ռայի պատրիարքի անձին դէմ արշաւը դատապարտելի է ու մերժելի: Նախագահ Աուն շեշտեց, որ խօսքի եւ կարծիքի ազատութիւնը Լիբանանի սահմանադրութեամբ պահպանուած է` աւելցնելով, որ յաւելեալ կարծիքներն ու տեսակէտները պէտք է պահել քաղաքական շրջագիծին մէջ, առանց վիրաւորանքի ու վարկաբեկումի: Իր կարգին,...

Կառավարութեան Հրաժարման Ա. Տարուան Առիթով.   Տիապ Կոչ Կ՛ուղղէ Շրջանցելու Շահերը  Եւ Կազմելու Ներկայ Տագնապին Հետ  Վարուելու Ատակ Կառավարութիւն Մը

Կառավարութեան Հրաժարման Ա. Տարուան Առիթով. Տիապ Կոչ Կ՛ուղղէ Շրջանցելու Շահերը Եւ Կազմելու Ներկայ Տագնապին Հետ Վարուելու Ատակ Կառավարութիւն Մը

Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ ամբողջ տարի մը անցած է կառավարութեան հրաժարականին եւ երկիրը տակաւին կը կոտտայ խոր տագնապներու ցաւէն, իսկ լիբանանցիները ծանրօրէն կը տառապին, մինչդեռ կառավարութեան կազմութեան ճիգերը տակաւին կը մնան ապարդիւն: Տիապ յայտնեց, որ Լիբանանի միակ փրկութիւնը կը թուի ըլլալ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ վերսկսելիք բանակցութիւնը, որ իր կառավարութեան հետ բաւական...

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Ընդունեց Լիբանանի  Փինկ Փոնկի Կրտսերներու Ախոյեան Պիսան Շերին

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Ընդունեց Լիբանանի Փինկ Փոնկի Կրտսերներու Ախոյեան Պիսան Շերին

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Լիբանանի փինկ փոնկի կրտսերներու (11 տարեկանէն վար կրտսեր մարզիկներ) ախոյեան 10-ամեայ Պիսան Շերին, որ համաշխարհային առումով 7-րդ դիրքը կը գրաւէ: Շերիի ընկերակցեցաւ անոր հայրը` Ուիսամ Շերին, որ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի անդամ է, ինչպէս նաեւ Լիբանանի փինկ փոնկի ազգային հաւաքականներու նախագահ: Հանդիպումին ընթացքին նախարարի պաշտօնակատարին ներկայացուեցան 2021-ին տեղի...

Պոկտանով Մոսկուայի Մտահոգութիւնը  Կը Յայտնէ` Հարաւային Լիբանանի  Զարգացումներուն Առնչութեամբ

Պոկտանով Մոսկուայի Մտահոգութիւնը Կը Յայտնէ` Հարաւային Լիբանանի Զարգացումներուն Առնչութեամբ

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի անձնական ներկայացուցիչ Ժորժ Շաապան Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Միջին Արեւելքի եւ ափրիկեան երկիրներուն մէջ Ռուսիոյ նախագահի յատուկ պատուիրակ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայէլ Պոկտանովի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Շաապան Պոկտանովին ներկայացուց Սաատ Հարիրիի արժեւորումը` Լիբանանի քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային զարգացումներուն մասին: Իր կարգին, Պոկտանով յայտնեց, որ Ռուսիա կը զօրակցի ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութեան`...

Պըրրի Խորհրդարանը Հրաւիրեց Նիստի Մը`  Քննարկելու Համար Նաւահանգիստի  Պայթումին Ամբաստանութիւնը

Պըրրի Խորհրդարանը Հրաւիրեց Նիստի Մը` Քննարկելու Համար Նաւահանգիստի Պայթումին Ամբաստանութիւնը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի վաղը` հինգշաբթի, 12 օգոստոս 2021-ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ` քննարկելու համար Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին մասին կատարուած ամբաստանութիւնը, ըստ 13/90 օրէնքի թիւ 22 կէտին: (Նշենք, որ 13/90 օրէնքը կը վերաբերի նախագահներու, նախարարներու եւ երեսփոխաններու դատավարութեան գերագոյն խորհուրդին): Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար...

Կիլատ Էրտան. «Հըզպալլայի Վարուելակերպը  Պիտի Առաջնորդէ Լիբանանի Քանդումին»

Կիլատ Էրտան. «Հըզպալլայի Վարուելակերպը Պիտի Առաջնորդէ Լիբանանի Քանդումին»

ՄԱԿ-ի մօտ Իսրայէլի դեսպան Կիլատ Էրտան ցաւ յայտնեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի կողմէ կատարուած այն յայտարարութեան համար, որ կոչ կ՛ուղղէր Լիբանանին եւ Իսրայէլին ինքնազսպումի ենթարկուելու եւ ապահովական զարգացումներուն վերջ տալու: «Ցաւալի է, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը միշտ հաւասար կը նկատէ ահաբեկչական որակուած կազմակերպութիւններն ու Իսրայէլի ժողովրդավար պետութիւնը, որ իբրեւ ՄԱԿ-ի անդամ երկիր օրէնքին յանձնառու կը մնայ», ըսաւ Էրտան: Ան...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1558 վարակուածներ եւ մահացած 4 ուրիշներ: ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏԻ եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար, արտաքին գործոց նախարարի գործակատար Զէյնա Աքըր ընդունեց Լիբանանի մէջ Թունուզի դեսպան Պուրաուի Իմամը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները: ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոս յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ հիմնական...

Խմբագրական.  Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Բ.) Առցանց Լսարաններու Երեւոյթը

Մամլոյ Արձակուրդ

Իսլամական Նոր տարուան առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ երեքշաբթի, 10 օգոստոս 2021-ին: Մեր յաջորդ թիւը` չորեքշաբթի, 11 օգոստոսին:  

Սէյիտ Նասրալլա. «Ինչ Ալ Ըլլան Դժուարութիւնները`  Դիմադրութեան Նուաճումներուն Տէր Կը Կանգնինք,  Իսկ Թշնամիին Ուժերը Իրենց Գոյութեամբ Մտահոգ Են»

Սէյիտ Նասրալլա. «Ինչ Ալ Ըլլան Դժուարութիւնները` Դիմադրութեան Նուաճումներուն Տէր Կը Կանգնինք, Իսկ Թշնամիին Ուժերը Իրենց Գոյութեամբ Մտահոգ Են»

2006-ի յուլիսեան պատերազմին ընթացքին Լիբանանի արձանագրած յաղթանակին 15-ամեակին առիթով` Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա շաբաթ, 7 օգոստոս 2021-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ շեշտեց, թէ թշնամիին ուժերը իրենց գոյութեամբ մտահոգ են: «Ով որ արգիլած է եւ կը շարունակէ արգիլել սիոնական գոյացութեան կողմէ Լիբանանի ռմբակոծումը, Դիմադրութեան հետ հսկայ բախումի մատնուելու առումով անոր վախն է: 2006-ին իրականացած...

Հիւանդանոցներու Սենտիքաներ. «Ոեւէ Հիւանդի  Մահուան Պարագային` Լիբանանեան  Պետութիւնն Է Պատասխանատուն»

Հիւանդանոցներու Սենտիքաներ. «Ոեւէ Հիւանդի Մահուան Պարագային` Լիբանանեան Պետութիւնն Է Պատասխանատուն»

Լիբանանի մէջ գործող հիւանդանոցներու սենտիքաները յայտարարեցին, որ իրենց ելեկտրածին շարժակները որեւէ ատեն կրնան մարիլ` մազութի չգոյութեան պատճառով: Սենտիքաները հաստատեցին, որ այս մասին իրենք օրեր առաջ զգուշացուցած էին բոլորը` աւելցնելով, որ հիւանդանոցներուն վաճառուող մազութը կաթիլներով կը տրուի, մինչդեռ սեւ շուկային մէջ մազութը կայ եւ հսկայական գումարներով կը վաճառուի: Հիւանդանոցներու սենտիքաները ընդգծեցին, որ այս իրականութիւնը վտանգ կը սպառնայ հիւանդներու կեանքին, յատկապէս նկատի...

«Կոչ Կ՛ուղղենք Բանակին Հակակշիռի Տակ Առնելու,  Լիբանանեան Բոլոր Շրջանները Եւ Արգիլելու  Լիբանանեան Հողերէն Գործուող Հրթիռարձակումը»  Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

«Կոչ Կ՛ուղղենք Բանակին Հակակշիռի Տակ Առնելու, Լիբանանեան Բոլոր Շրջանները Եւ Արգիլելու Լիբանանեան Հողերէն Գործուող Հրթիռարձակումը» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ նախագահեց Տիմանի մէջ մատուցուած կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ ան լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններուն հարց տուաւ. «Դուք ձեզմէ չէ՞ք ամչնար ցարդ կառավարութիւն մը չկազմելու համար»: Ան նշեց, որ ամէնօրեայ դրութեամբ քաղաքացիներուն խմած լեղի բաժակը չ՛անհանգստացներ քաղաքական անձնաւորութիւններուն եւ պատասխանատուներուն խիղճերը: Ռայի պատրիարքը հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս անոնք լիբանանցիները պիտի համոզեն,...

«Կոչ Կ՛ուղղեմ Կառչած Մնալու Ինզքինք  Զանց Կացուցելու Քաղաքականութեան»  Շեշտեց Միւֆթի Տըրիան

Միւֆթի Տըրիան. «Փրկութեան Կառավարութեան Մը Կազմութիւնը Քաղաքացիներուն Ցաւերը Ամոքելու Սկիզբն Է»

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան իսլամական Նոր տարուան տօնին առիթով ուղղած իր պատգամին մէջ հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ ազգային փրկութեան կառավարութեան մը կազմութիւնը քաղաքացիներուն ցաւերը ամոքելու սկիզբն է` աւելցնելով, որ լիբանանցի քաղաքացին ամէն իմաստով շրջափակուած է` վառելանիւթի, սննդեղէնի, դեղորայքի, համաճարակի եւ ամէն իմաստով: Ան հարց տուաւ, թէ արդեօք արգիլուա՞ծ է Լիբանանի մէջ կառավարութիւն մը կազմել եւ սկսիլ երկրին դիմագրաւած...

Պենեթ. «Կը Մերժենք Հարաւային Լիբանանէն  Կատարուած Հրթիռարձակումը»

Պենեթ. «Կը Մերժենք Հարաւային Լիբանանէն Կատարուած Հրթիռարձակումը»

Իսրայէլի վարչապետ Նեֆթալի Պենեթ շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն հարաւային Լիբանանէն կատարուած հրթիռարձակումը` աւելցնելով, որ լիբանանեան բանակն ու պետութիւնը պէտք է այս իմաստով պատասխանատուութիւն ստանձնեն: Պենեթ ընդգծեց, որ Իրան եւ Հըզպալլա հիւսիսային Իսրայէլի սահմանային կացութիւնը լարուածութեան կը մատնեն: Ան նշեց, որ իրենց համար անկարեւոր է, թէ այդ հրթիռները արձակողները որո՛նք են` ըլլան անոնք պաղեստինեան խմբաւորումներ, թէ խուլիկաններ, «սակայն Իսրայէլ կտրականապէս...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1552 վարակուածներ եւ մահացած 5 ուրիշներ: ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոս յայտնեց, որ պահանջուած է ձեռնարկել փրկութեան աշխատանքի մը, որուն նախաքայլը պիտի ըլլայ կառավարութեան մը կազմութիւնը: «Պէտք է կազմել այնպիսի կառավարութիւն մը, որ միջազգային ընտանիքին հետ երկխօսութիւն կատարէ` օժանդակելու համար Լիբանանին», ըսաւ ան:...

Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Զարգացումներ  Եւ Փոխադարձ Ռմբակոծում, Որոնք Կը Խանգարեն  Ներքին Լիբանանեան Անդորրը

Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Զարգացումներ Եւ Փոխադարձ Ռմբակոծում, Որոնք Կը Խանգարեն Ներքին Լիբանանեան Անդորրը

Երէկ կէսօրէ առաջ հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուեցան ապահովական խախտումներ, երբ Հըզպալլա հակադարձեց օր մը առաջ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ Լիբանանի դէմ գործուած ռմբակոծումներուն: Այս գործողութեամբ Հըզպալլա ամրագրեց եւ վերահաստատեց 2006-ին հաստատած իր այն մարտավարութիւնը, որ «ի՛նչ որ ռմբակոծէք, մենք համահաւասար հակազարկով կ՛անդրադառնանք»: «Բացատնե՞ր կը ռմբակոծէք, բացատներ կը ռմբակոծենք»: Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ բախման ոճի սկզբունքները պարզուեցան եւ հաստատուեցան, սակայն ներքին լիբանանեան...

Page 399 of 988 1 … 398 399 400 … 988

Արխիւներ