Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 12, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 2591 վարակուածներ եւ մահացած 6 ուրիշներ:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Մախզումի յայտնեց, որ երկրին խաղաղութեան կամ պատերազմի որոշումները լիբանանեան պետութեան իրաւունքը պէտք է ըլլան:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը 1900 լ. ոսկիով սղած է, 98 օքթանը` 2000 լ. ոսկիով, մազութը` 1400 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազի շիշը` 2200 լ. ոսկիով:

Այսինքն` 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 77.500 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինի թիթեղը` 79.700 լ. ոսկի, մազութը` 58.500 լ. ոսկի եւ պիւթակազի շիշը` 58.800 լ. ոսկի:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի երէկ ընդունեց Սէուտական Արաբիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆաուզի Քապպարան, որուն հետ քննարկեց Լիբանանէն Սէուտական Արաբիա արտադրութիւններ արտածելու իմաստով որդեգրուած դասաւորումները:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն յայտնեց, որ մօտիկ ապագային կառավարութեան կազմութիւնը չէ նախատեսուած, որովհետեւ ընդդիմութիւնը կը փորձէ ժամանակ կորսնցնել եւ ներկայ իշխանութեան ժամանակաշրջանին աւարտին սպասել: «Ինչ որ կը պատահի, Լիբանանի եւ անոր ժողովուրդին դէմ գործուած ոճիր է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի վարուելակերպը նման է նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի վարուելակերպին, սակայն յաւելեալ դիւանագիտութեամբ:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտնեց, որ 15 տարի առաջ` 12 օգոստոս 2006-ին, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը հրապարակեց թիւ 1701 բանաձեւը, որուն շնորհիւ միջազգային ընտանիքը յանձնառու կը մնայ Լիբանանի անկախութեան ու ազատութեան: «Թիւ 1701 բանաձեւին շնորհիւ է, որ հարաւային Լիբանանի գերիշխանութիւնը տրուեցաւ լիբանանեան պետութեան եւ լիբանանեան բանակը տեղակայուեցաւ հարաւային Լիբանանի մէջ` աւելի քան 30 տարուան բացակայութենէ ետք», ըսաւ Սինիորա:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Պուրճ Համուտ. «Լիբանանի Հայութեան Վերականգնումի Աշխատանքներուն Շարունակութիւնը Մենք Կը Նկատենք Հրամայական»

Յաջորդը

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Կը Մերժենք Ռայի Պատրիարքին Դէմ Ցեխարձակումները Եւ Կը Շեշտենք Թիւ 1701 Բանաձեւին Յանձնառու Մնալու Կարեւորութիւնը»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.