ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1552 վարակուածներ եւ մահացած 5 ուրիշներ:
ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոս յայտնեց, որ պահանջուած է ձեռնարկել փրկութեան աշխատանքի մը, որուն նախաքայլը պիտի ըլլայ կառավարութեան մը կազմութիւնը: «Պէտք է կազմել այնպիսի կառավարութիւն մը, որ միջազգային ընտանիքին հետ երկխօսութիւն կատարէ` օժանդակելու համար Լիբանանին», ըսաւ ան:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ 7 օգոստոս 2001-ի յիշատակին առիթով յայտնեց, որ ինչքա՛ն ալ թիրախ դարձնեն զիրենք, պիտի չկարենան կոտրել իրենց կամքը, արժանապատուութիւնն ու կորովը:
Նշենք, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան գործադիր խորհուրդը, գումարելէ ետք իր ընթացիկ նիստը, հաստատեց, որ Ելեկտրականութեան ընկերութեան համար նաւթ գնելու հոլովոյթը խանգարողը պատասխանատու է երկիրին մութի մատնուելուն:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մուսթաֆա Հիւսէյն շեշտեց Դիմադրութիւն ունենալու Լիբանանի իրաւունքը: Ան զգուշացուց Դիմադրութեան դէմ նիւթուելիք արտաքին փորձերէն:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի անդամ երեսփոխան Հանի Քպայսի յայտնեց, որ Իսրայէլ միայն Դիմադրութեան լեզուէն կը հասկնայ` աւելցնելով, որ Լիբանանի ուժը անոր միասնականութեան եւ Դիմադրութեան մէջ է:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Տահեր մտահոգութիւն յայտնեց, որ Նեժիպ Միքաթի դառնայ Լիբանանի մէջ նշանակուած վերջին վարչապետը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Հասպայա օր մը օրանց Դիմադրութեան կողին խրուած դանակ մը չէ եղած: Հաղորդագրութիւնը կ՛ընդգծէ նաեւ, որ Շուայայի մէջ պատահածը թիւրիմացութիւն մըն էր:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Անուար Խալիլ յայտնեց, որ Հասպայայի, Շուայայի եւ Շուֆի շրջանները միշտ ծառայած են Դիմադրութեան եւ պայքարած իսրայէլեան բռնագրաւումին դէմ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆարիտ Հայքալ Խազեն յայտնեց, որ ելեկտրականութիւն ստանալու նպատակով ելեկտրածին նաւերուն համար մսխուած գումարներով կարելի էր Լիբանանի մէջ ելեկտրականութեան 5 նոր ընկերութիւններ հիմնել:
ՊԱԱԼՊԵՔ- Հերմելի համախմբումը կոչ կ՛ուղղէ կազմելու կառավարութիւն մը, որ կարող է երկրին փլուզումը կասեցնել:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ երկրին մէջ տիրող ելեկտրական հոսանքի տագնապը վերջին տարիներուն ընթացքին որդեգրուած սխալ քաղաքականութիւններուն հետեւանքն է:
ԱԶԳԱՅԻՆ երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի յայտնեց, որ առանց միջազգային հետաքննութեան Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին ճշմարտութիւնը կարելի պիտի չըլլայ բացայայտել:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ մեկնեցաւ Քաթար` ընդառաջելով քաթարցի իր պաշտօնակիցին` զօր. Ղանեմ պըն Շահին Ալ Ղանեմի հրաւէրին:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերը անցեալ շաբաթավերջին Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ արգելակեցին մաքսանենգումի գործողութիւն մը` գրաւելով աւելի քան երկու միլիոն «Քեփթակոն»-ի դեղահատ եւ երկու թոն հաշիշ:


