Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միւֆթի Տըրիան. «Փրկութեան Կառավարութեան Մը Կազմութիւնը Քաղաքացիներուն Ցաւերը Ամոքելու Սկիզբն Է»

August 9, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան իսլամական Նոր տարուան տօնին առիթով ուղղած իր պատգամին մէջ հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ ազգային փրկութեան կառավարութեան մը կազմութիւնը քաղաքացիներուն ցաւերը ամոքելու սկիզբն է` աւելցնելով, որ լիբանանցի քաղաքացին ամէն իմաստով շրջափակուած է` վառելանիւթի, սննդեղէնի, դեղորայքի, համաճարակի եւ ամէն իմաստով: Ան հարց տուաւ, թէ արդեօք արգիլուա՞ծ է Լիբանանի մէջ կառավարութիւն մը կազմել եւ սկսիլ երկրին դիմագրաւած տագնապներուն լուծման:

Ան հարց տուաւ նաեւ, թէ ո՞վ է Լիբանանը շրջափակումի ենթարկողը եւ ո՞վ կը փափաքի, որ լիբանանցիները արտագաղթեն:

Միւֆթի Տըրիան յայտնեց, որ ատիկա փափաքողները անոնք են, որոնք կը մերժեն լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը, ազգային համակեցութիւնն ու համերաշխութիւնը, ինչպէս նաեւ կը մերժեն Լիբանանը իբրեւ պատգամի երկիր տեսնել:

Միւֆթի Տըրիան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ փոփոխութիւն կատարելը լիբանանցիներուն վստահուած է` աւելցնելով, որ փոփոխութիւնը ամէն գնով պէտք է կատարուի:

Ան կոչ ուղղեց երկրին հոգեւոր պետերուն դուրս գալու իրենց լռութենէն եւ պահանջելու ժողովուրդին իրաւունքները: Ան ընդգծեց կառավարութեան կազմութեան անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ նորակազմ կառավարութիւնը պէտք է պայքարի փտածութեան դէմ:

Միւֆթի Տըրիան շեշտեց ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կառավարութիւն մը կազմելու անհրաժեշտութիւնը` նշելով, որ Լիբանանի գոյացութիւնը վտանգուած է:

Ան հարց տուաւ լիբանանցի պետական պատասխանատուներուն, թէ ի՞նչ կը կատարեն Լիբանանի փրկութեան համար:

«Ի՞նչ կը սպասէք փրկելու այս երկիրը, ի՞նչ կը սպասէք ձեր տարակարծութիւնները մէկդի դնելու: Ո՞ւր է ազգային ձեր գիտակցութիւնը, ո՞ւր են Լիբանանը փրկելու նախաձեռնութիւնները», հարց տուաւ միւֆթի Տըրիան:

Ան շեշտեց, որ իսլամներուն, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն  միջեւ սադրանք պէտք չէ գոյութիւն ունենայ: «Արեւելքի մէջ Լիբանանը կը մնայ պատգամի երկիր, եւ նախորդ օրերուն ընթացքին պատահածը պէտք է լուծել խոհեմութեամբ եւ իմաստուն քայլերով, որովհետեւ թշնամի Իսրայէլն ու սիոնական գոյացութիւնը վտանգ կը սպառնան բոլոր լիբանանցիներուն եւ ամբողջ շրջաններուն անխտիր», եզրափակեց ան:

Նախորդը

Պենեթ. «Կը Մերժենք Հարաւային Լիբանանէն Կատարուած Հրթիռարձակումը»

Յաջորդը

«Կոչ Կ՛ուղղենք Բանակին Հակակշիռի Տակ Առնելու, Լիբանանեան Բոլոր Շրջանները Եւ Արգիլելու Լիբանանեան Հողերէն Գործուող Հրթիռարձակումը» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.