Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Լիբանանի փինկ փոնկի կրտսերներու (11 տարեկանէն վար կրտսեր մարզիկներ) ախոյեան 10-ամեայ Պիսան Շերին, որ համաշխարհային առումով 7-րդ դիրքը կը գրաւէ:
Շերիի ընկերակցեցաւ անոր հայրը` Ուիսամ Շերին, որ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի անդամ է, ինչպէս նաեւ Լիբանանի փինկ փոնկի ազգային հաւաքականներու նախագահ:
Հանդիպումին ընթացքին նախարարի պաշտօնակատարին ներկայացուեցան 2021-ին տեղի ունենալիք փորձերուն ծրագիրները, ինչպէս նաեւ միջազգային մրցաշարքերու մասնակցութեան ծրագիրը, որ կը միտի արաբական աշխարհին, Միջին Արեւելքի եւ Արեւմտեան Ասիոյ, ինչպէս նաեւ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան անդամ երկիրներուն մէջ մրցելու կարելիութիւն ստեղծել:
Ուիսամ Շերի յայտնեց, որ Պիսան Շերիի գերագոյն նպատակն է տարիքային իր խմբաւորման մէջ համաշխարհային ախոյեանութիւն ձեռք ձգել եւ ներքին ու արտաքին փորձերու հետեւիլ` 2024-ի Փարիզի Ողիմպիականին մասնակցիլ կարենալու համար:
Ուիսամ Շերի յայտնեց, որ իր դուստրը օրական երկու անգամ` շաբաթը հինգ օրուան համար, կը մարզուի սուրիացի իր մարզիչին` Ահմետ Տարուիշի հետ, իսկ շաբաթ օրը կը մարզուի Լիբանանի աղջկանց ազգային խումբի մարզիչ Լարա Քեչեպաշեանի հետ:
Վ. Օհանեան-Գէորգեան բարձր գնահատեց Պիսանի եւ անոր ընտանիքին ջանքերը` Պիսանի կարողութիւնները բարելաւելու առումով: Ան խոստացաւ ամէն ջանք ի գործ դնել` օժանդակելու համար Պիսան Շերիին: