Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ` հաստատելով, որ մարոնի պատրիարքութեան եւ Ռայի պատրիարքի անձին դէմ արշաւը դատապարտելի է ու մերժելի:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ խօսքի եւ կարծիքի ազատութիւնը Լիբանանի սահմանադրութեամբ պահպանուած է` աւելցնելով, որ յաւելեալ կարծիքներն ու տեսակէտները պէտք է պահել քաղաքական շրջագիծին մէջ, առանց վիրաւորանքի ու վարկաբեկումի:
Իր կարգին, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի խստիւ մերժեց հոգեւոր հեղինակութիւններուն դէմ շղթայազերծուած արշաւները, յատկապէս` Ռայի պատրիարքը դասալքութեամբ ամբաստանելու եւ անոր դէմ սադրելու փորձերը:
Հարիրի շեշտեց, որ Ռայի պատրիարքին վերջին կեցուածքներուն պատճառով կարելի չէ զայն վարկաբեկել եւ անոր արժանապատուութեան դէմ արտայայտութիւններ ունենալ, յատկապէս երբ անոր կեցուածքները կը ներկայացնեն լիբանանցիներուն մեծամասնութեան տեսակէտները:
Միւս կողմէ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ Մեհրապի մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին ան շեշտեց, որ ստիպուած եղած է այս ասուլիսը հրաւիրել պաշտպանելու համար Ռայի պատրիարքը, որուն դէմ յարձակումն ու վարկաբեկումի ալիքը շատ բարձր էր:
«Հըզպալլայի պատասխանատուները Պքերքէի խօսքը լսելու եւ այդ մասին մտածելու փոխարէն, փութացին Ռայի պատրիարքը գործակալութեամբ ամբաստանելու», ըսաւ Ժահժահ` շեշտելով, որ Ռայի պատրիարքը լիբանանցիներուն 60-70 առ հարիւրին կարծիքը կը ներկայացնէ, եւ կարելի չէ այլոց կարծիքը բռնի ուժով ճնշել:



