Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վառելանիւթի Տագնապը Պատճառ Կրնայ Դառնալ Բազմաթիւ Այլ Փորձանքներու

Օգոստոս 12, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գրեթէ երկու տարիէ ի վեր կենցաղային տագնապալի պայմաններու մէջ ապրող լիբանանցիներուն համար երկիրը ամէնօրեայ դրութեամբ յաւելեալ դժոխքի կը վերածուի:

Աւելի՛ն. քանի մը օրէ ի վեր շեշտուած կերպով ինքզինք պարտադրող վառելանիւթի տագնապը պատճառ դարձաւ նաեւ, որ լիբանանցիներուն օդն ալ կտրուի` ամրան այս տօթին, եւ քաղաքացիները ստիպուին պարպել իրենց սառնարանները` զանոնք ենթարկելով պահարանի համապատասխան գործածութեան:

Մազութի չգոյութեան պատճառով հիւանդանոցները կրնան փակուիլ, արդիական շնչառութեան սարքերու միացուած հիւանդներուն կեանքը վտանգի ենթարկուած է, հիւանդանոցներուն համար ամէնէն անհրաժեշտը նկատուող սերոմի արտադրութիւնը դադրած է:

Սերոմի արտադրութեան «Ալֆա» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Սուատ Աքըլ յայտնեց, որ «Ալֆա» ընկերութիւնը Լիբանանի տարածքին գործող հիւանդանոցներուն 70 առ հարիւրին սերոմ կ՛ապահովէ` աւելցնելով, որ ամէնօրեայ դրութեամբ 12 հազար լիթր մազութի կարիք կայ` ընկերութիւնը բանեցնելու, հետեւաբար այս պայմաններուն տակ ընկերութիւնը իր դռները փակած է:

Աքըլ կոչ ուղղեց մազութի տագնապը լուծելու:

Դեղորայքի չգոյութիւնը իր կարգին ամիսներէ ի վեր ինքզինք կը պարտադրէ: Այս իմաստով առողջապահութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ դեղորայք ապահովելու հարցով երկիրը կ՛ուղղուի դէպի վատագոյնը:

Միւս կողմէ, երէկ յետմիջօրէին փուռերու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Ալի Իպրահիմ յայտնեց, որ ալրաղացները նաեւ պիտի կասեցնեն իրենց աշխատանքը` մազութի տագնապին պատճառով:

«Այս շրջագիծին մէջ «Սըպլին» ընկերութիւնը, որ Լիբանանի տարածքին գործող փուռերուն 50 առ հարիւրին ալիւր կ՛ապահովէ, այսօրուընէ սկսեալ իր դռները պիտի փակէ: Հացի տագնապը սկսած է, եւ փուռերուն դիմաց հերթերը պիտի նշմարուին», ըսաւ Իպրահիմ:

Այս շրջագիծին մէջ շրջանառութեան մէջ դրուեցան այնպիսի լուրեր, թէ վառելանիւթին յատկացուած օժանդակութիւնը պիտի կասեցուի եւ պենզինի թիթեղին սակը 15 տոլարի պիտի վերածուի` սեւ շուկայի մէջ տոլարի արժէքին համաձայն:

Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար զգուշացուց վառելանիւթի օժանդակութիւնը վերացնելու քայլէն` հաստատելով, որ եթէ պենզինի թիթեղին սակը 300 հազար լ. ոսկիի, իսկ մազութինը 225 հազար լ. ոսկիի վերածուի, ապա ժողովրդային ցասումը անխուսափելի պիտի ըլլայ:

Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդի Նիստ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին նախագահական պալատին մէջ նախագահեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի զոյգ նիստերուն, որոնց ընթացքին քննարկուեցան երկրին ապահովական եւ կենցաղային հարցերը: Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ բացակայեցաւ նիստերէն` նկատի ունենալով, որ ան «Քորոնա» ժահրով վարակուած պարագայի մը հետ հանդիպելու իբրեւ հետեւանք մեկուսացման շրջանի մէջ կը գտնուի:

Նիստերէն ետք Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մահմուտ Ասմար յայտնեց, որ նիստերուն ընթացքին քննարկուած է երկրին ապահովական եւ կենցաղային իրավիճակը` վարչական տեղեկագիրներու լոյսին տակ:

Ան նշեց, որ քննարկուած են նաեւ դեղորայքի եւ վառելանիւթի տագնապները, Պէյրութի նաւահանգիստի ցորենի շտեմարանին հարցը, ինչպէս նաեւ Թրիփոլիի եւ Զահրանիի նաւթի կառոյցներուն մէջ գտնուող քիմիական նիւթերուն եւ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մօտ գտնուող օդանաւի յատուկ վառելանիւթ պարունակող կառոյցներուն վերաբերող հարցեր:

Ասմար նշեց, որ նիստերուն ընթացքին տրուեցան շարք մը որոշումներ` լուծելու համար վերոնշեալ հարցերը` հիմնուելով օրէնքին վրայ, ինչպէս նաեւ ապահովական եւ զինուորական կառոյցներէն պահանջուեցաւ համագործակցութեան նպատակով գումարուած հանդիպումները աշխուժացնելու` ապահովական կացութեան հետեւելու եւ խորհրդակցութիւններուն ընդմէջէն լուծումներ գտնելու համար:

Նիստին ընթացքին Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատունը այլեւս ի վիճակի չէ վառելանիւթի օժանդակութիւն տրամադրելու եւ վառելանիւթ գնելու համար յատկացումներ ապահովելու:

Իր կարգին, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ռեմոն Ղաժար ըսաւ, որ եթէ վառելանիւթին տրամադրուած օժանդակութիւնը կասեցուի, ապա վառելանիւթի սակը անկախ եւ միացեալ կը դառնայ: «Այսօր մենք ելեկտրականութեան խիստ կարիքը ունինք. Լիբանան 3000 մեկաուաթի կարիք ունի, իսկ ապահովուած նաւթին համաձայն, կարելի է միայն 750 մեկաուաթ ելեկտրական հոսանք արտադրել», ըսաւ ան:

Ղաժար շեշտեց, որ լաւագոյն լուծումը պիտի ըլլայ այն, որ խորհրդարանին ներկայացուի օրինագիծ մը, որուն համաձայն, Ելեկտրականութեան ընկերութեան կը տրամադրուի նաւթ գնելու գումար մը: «Այս լուծումը քաղաքացիին համար յարմարագոյնը պիտի ըլլայ, նոյնիսկ եթէ ելեկտրականութեան ծառայութեան համար վճարուելիք սակը որոշ չափով սղի», ըսաւ ան:

Նախորդը

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Կը Մերժենք Ռայի Պատրիարքին Դէմ Ցեխարձակումները Եւ Կը Շեշտենք Թիւ 1701 Բանաձեւին Յանձնառու Մնալու Կարեւորութիւնը»

Յաջորդը

Պաապտայի Մէջ. «Կառավարութեան Կազմութիւնը Ճիշդ Հունի Մէջ Կը Գտնուի» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Իր Ժողովի  Օրակարգին Վրայ Գտնուող Կէտերուն Մեծամասնութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Իր Ժողովի Օրակարգին Վրայ Գտնուող Կէտերուն Մեծամասնութիւնը

Նոյեմբեր 21, 2025
Պըրրի. «Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` Իրենց Ժամկէտին»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Պէտք Է Շարունակել Հայրենիքի Անկախութեան, Զայն Ստրկութենէ Ու Ենթակայութենէ Պաշտպանելու Ճակատամարտը»

Նոյեմբեր 21, 2025
Սալամ. «Կը Վերահաստատենք Իսրայէլի Հետ  Բանակցելու Մեր Պատրաստակամութիւնը»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կը Վերահաստատենք Իսրայէլի Հետ Բանակցելու Մեր Պատրաստակամութիւնը»

Նոյեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?