Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքայի, ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլի եւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Իտալիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Քանատայի, Ռուսիոյ, Չինաստանի, Նետերլանտներու, Ֆինլանտայի, Թուրքիոյ, Սպանիոյ, Պելճիքայի, Շուէտի, Դանիոյ, Հարաւային Քորէայի, Եւրոպական Միութեան, Եգիպտոսի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Իրաքի, Քաթարի, Օմանի, Պահրէյնի, Քուէյթի, Մարոքի, Յորդանանի, Թունուզի, Հնդկաստանի, Մեքսիքոյի, Նորվեկիոյ եւ Ղազախստանի դեսպաններուն ու դեսպանատուներու զինուորական կցորդներուն, նախագահեց նիստի մը, որուն ընթացքին շարունակուեցաւ Փարիզի խորհրդաժողովին արդիւնքներուն քննարկումը:
Նիստին ընթացքին Վրոնեցքա հաստատեց, որ երկրին դիմագրաւած տնտեսական տագնապը իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ լիբանանեան բանակի աշխատանքներուն վրայ, եւ կոչ ուղղեց բոլորին օժանդակելու լիբանանեան բանակին` աւելցնելով, որ ՄԱԿ կը ջանայ յանգիլ այնպիսի գործիքակազմի մը, որուն ընդմէջէն կարելի ըլլայ դիւրացնել բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելու կարելիութիւնը:
Զօր. Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն` բանակին նկատմամբ անոնց ցուցաբերած օժանդակութիւններուն համար, եւ հաստատեց, որ բանակը պիտի մնայ Լիբանանի ողնասիւնը եւ պիտի երաշխաւորէ ո՛չ միայն Լիբանանի, այլեւ` շրջանին ապահովական կայունութիւնը:
ՄԻՒՍ կողմէ, բանակի հրամանատարութիւնը նախանցեալ օր հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ բանակը Թրիփոլիի մէջ բացայայտած է եւ ձերբակալած ՏԱՀԵՇ-ի զօրակցող ահաբեկչական բջիջի մը անդամները: