Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Սեպտեմբեր 18, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 857 վարակուածներ եւ մահացած 4 ուրիշներ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանէն, որ շեշտեց սահմանադրութիւնը գործադրելու անհրաժեշտութիւնը` պահպանելու համար լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ նախարար Ամին Սալամ  հանդիպում մը ունեցաւ սննդեղէն ներածողներու եւ հանրախանութներու սեփականատէրերու պատուիրակութեան հետ: Սալամ հաստատեց, որ նախարարութիւնը մօտէն պիտի գործակցի իրենց հետ` հաստատելով, որ սակերու հսկողութեան եւ ապօրինութիւնները պատժելու իմաստով յառաջիկայ փուլին նախարարութիւնը շատ խիստ պիտի վարուի` հասնելով մինչեւ վաճառատուներ փակելու որոշումին:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթիի կառավարութիւնը Լիբանանի սահմանադրութիւնն ու հաւասարակշռութիւնները յարգած է: Ան նշեց, որ ինք ներկայիս նախագահական ընտրութեան թեկնածու չէ` աւելցնելով, որ համախոհութեան հիման վրայ հիմնուած քաղաքական վարչակարգը երկիրը փլուզումի մատնած է: Պասիլ ընդգծեց, որ Սուրիոյ հետ յարաբերութիւնները պիտի վերադառնան:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա կոչ ուղղեց քուէարկութեան իրաւունք ունենալու տարիքը վերածելու 18-ի եւ որդեգրելու խորհրդարանին մէջ կիներու ներկայացուցչութեան 30 առ հարիւրի մասնաբաժինը:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ իրենց առանցքը ընդդիմութիւնն է, եւ կ՛ուղղուին կառավարութեան իրենց վստահութեան քուէն չշնորհելու:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքը կոչ ուղղեց իր համակիրներուն փողոցին մէջ հաւաքներ չկազմակերպելու: Այս որոշումը տրուեցաւ, երբ փափաք յայտնուեցաւ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրիին զօրակցելու հաւաք մը կազմակերպելու` Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանին դիմաց: «Մուսթաքպալ հոսանքը շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլորին եւ Հարիրիի ցուցմունքներով կը խնդրէ անոնցմէ ջնջել հաւաքը` վերահաստատելով, որ Հարիրիի բնակարանը անոնցմէ իւրաքանչիւրին կը պատկանի», կը նշէ Մուսթաքպալ հոսանքի հաղորդագրութիւնը:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ նախարարութեան մէջ նախագահեց երեսփոխանական ընտրութիւններու նախապատրաստութեան յանձնախումբի նիստին, ցուցմունքներ տուաւ այդ հարցին առաջնահերթութիւն ընծայելու, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ քայլերուն դիմելու` յաջողցնելու համար արտերկրի լիբանանցիներուն քուէարկութեան հոլովոյթը:

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ դրամական ֆոնտը պատրաստակամութիւն յայտնեց Լիբանանի նորակազմ կառավարութեան հետ խորհրդակցութիւններ կատարելու` հաստատելով, որ իրենք պատրաստ են կառավարութեան հետ գործակցելու:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի հրատապօրէն մեկնեցաւ Ռիատ` խորհրդակցութեան նպատակով: Պուխարիի անմիջական մեկնումին պատճառները կը մնան անորոշ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ կառավարութիւնը կը գտնուի շօշափելի փուլի մը դիմաց, որուն ընթացքին լիբանանցիները պէտք է փորձեն զայն, որովհետեւ անոր շնորհելիք իսկական քուէն ժողովուրդինն է:

Նախորդը

«Մարդասիրական Օժանդակութիւններ Տրամադրելով Հանդերձ Միացեալ Նահանգներու Քաղաքականութեան Մէջ Զինուորական Օժանդակութեան Օրակարգ Չկար» Կը Հաստատէ Դոկտ. Արմենուհի Ղամբարեան

Յաջորդը

Ֆայեատ Ալաուիի Հետ Քննարկեց Եգիպտական Կազը Լիբանան Հասցնելու Գործիքակազմը

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?