ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 302 վարակուածներ եւ մահացած 4 ուրիշներ:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Կրիօ այցելեց նաեւ Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպի, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները: Շէյխ Խաթիպ պահանջեց Ֆրանսայի օժանդակութիւնը` լիբանանցիները համայնքային վարչակարգէն դուրս բերելու համար:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ գերագոյն խորհուրդի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատախազ Թարեք Պիթար նախկին վարչապետ Հասսան Տիապը հարցաքննելու յաջորդ նիստը ճշդեց 4 հոկտեմբեր 2021-ին:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ամին Սալամ յայտնեց, որ հանրախանութներուն մէջ գտնուող սննդեղէնի եւ ընդհանրապէս ամէն տեսակի ապրանքներուն սակերը պիտի նուազին` աւելցնելով, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին մէկ կապ հացին համար նոր սակ պիտի ճշդուի:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Ապու Հայտար կը շրջի հանրախանութները` ստուգելու համար սակերը եւ հակակշիռի տակ առնելու խախտումները:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտի Մաալուֆ հաստատեց, որ տնտեսական եւ ելեւմտական լուծում մը գտնելու միջոցը կը կայանայ իրաւական հաշուեքննութեան մէջ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Սեզար Մաալուֆ շնորհակալութիւն յայտնեց Իրանի` անոր ուղարկած մազութին համար, եւ կոչ ուղղեց Սէուտական Արաբիոյ եւ Ծոցի երկիրներուն` օժանդակելու Լիբանանին:
ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ արտաքին գործոց նախարարութեան շրջանային հարցերով բանբեր Ճերըլտին Կրիֆիթ յայտնեց, որ Իրանէն նաւթի ներածումն ու նման կասկածելի քայլեր Լիբանանը վտանգի կ՛ենթարկեն:


