Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 23, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 718 վարակուածներ եւ մահացած 7 ուրիշներ:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ գերագոյն խորհուրդի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատախազ Թարեք Պիթար երեսփոխաններ Նուհատ Մաշնուքը, Ղազի Զաայթերն ու Ալի Հասան Խալիլը հարցաքննելու նիստերու թուականներ ճշդեց 30 հոկտեմբեր եւ 1 նոյեմբեր 2021-ը:

ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւրներու համաձայն, կարգ մը նախարարներ եւ երեսփոխաններ կը պատրաստուին Արդարութեան գերագոյն խորհուրդի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատախազ Թարեք Պիթարի դէմ դատական հարց յարուցել, որուն լոյսին տակ ան իր հետաքննութիւնները պիտի ստիպուի կասեցնել:

ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Ժոզեփ Պորել ողջունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կառավարութեան շնորհուած վստահութեան քուէն` աւելցնելով, որ բարեկարգումներու գործադրութեան ժամանակը հասած է:

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը նախանցեալ օր Նաքուրայի կեդրոնատեղիին մէջ նշեցին Խաղաղութեան միջազգային օրը: Այս առիթով ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատար Սթեֆանօ Տել Քոլ յայտնեց, որ վերջին ամիսներուն արձանագրուած միջադէպերը ցոյց տուին, որ սահմանային Կապոյտ գիծի խաղաղութիւնը դիւրաբեկ է:

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժորժ Քալլաս յայտնեց, որ կառավարութեան կողմէ ժողովուրդին վստահութեան արժանանալը հիմք է` աւելցնելով, որ միջազգային օժանդակութիւնները պիտի հասնին Լիբանան: Ան հանդիպում մը ունեցաւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիայի հետ: Քննարկուեցան նախարարութեան եւ յանձնախումբին միջեւ գործակցութեան միջոցները:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի ընդունեց նահանգապետները, որոնց հետ քննարկեց իրենց շրջաններուն վերաբերող ապահովական հարցերն ու բարգաւաճման կարիքները: Միւս կողմէ, Մաուլաուի յայտնեց, որ ապահովական ուժերը իրենց պարտականութիւնները կը կատարեն եւ ոչ մէկ տեղեկութիւն ունին Արդարութեան գերագոյն խորհուրդի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատախազ Թարեք Պիթարի` սպառնալիքի տակ ըլլալու իրականութենէն:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ալի Համիէ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց Պէյրութի նաւահանգիստի վերակառուցման, հանրային փոխադրութեան դրութեան ստեղծման եւ երկաթուղիներու վերաբերող հարցեր:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Ապպաս Հաժ Հասան ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները: Ալաուի ընդգծեց, որ Եգիպտոս կը շարունակէ լիբանանեան խնձոր ներածել:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆարիտ Հայքալ Խազեն յայտնեց, որ կառավարութենէն կը պահանջուի բարեկարգումներն ու երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարել, ապա` նախագահական ընտրութիւնները: Ան աւելցուց, որ հանրապետութեան նախագահութիւնը ստանձնելու իմաստով Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ ամէնէն հաւանական թեկնածուն է:

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Լիբանանի Մէջ Կիպրոսի Դեսպանին

Յաջորդը

Բանակի Հրամանատարութիւնը Դեսպաններու Մակարդակով Շարունակեց Քննարկել Փարիզի Խորհրդաժողովին Արդիւնքները

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի  Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ  Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան

January 31, 2026
Խորհրդարանական Ընտրութիւնները`  3 Եւ 10 Մայիսին
Լիբանանեան

Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` 3 Եւ 10 Մայիսին

January 31, 2026
Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը  Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու  Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.