Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի. «Կառավարութիւնը Ամէն Ջանք Ի Գործ Պիտի Դնէ Ելեկտրականութեան Ընդհատումները Մեղմացնելու»

September 18, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կառավարութեան Վստահութեան Քուէ Շնորհելու
Խորհրդարանի Նիստը` Երկուշաբթի.

Կառավարութեան կողմէ աշխատանքային ծրագիրի վաւերացումէն անմիջապէս ետք, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց լիագումար նիստի մը, որուն ընթացքին պիտի ներկայացուի նախարարաց խորհուրդի անդրանիկ յայտարարութիւնը եւ անոր հիման վրայ պիտի խնդրուի խորհրդարանին վստահութեան քուէն:

Նիստը պիտի գումարուի երկուշաբթի, 20 սեպտեմբեր 2021-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ:

Միւս կողմէ, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ շնորհակալութիւն յայտնեց Իրաքին` Լիբանանի նկատմամբ անոր ցուցաբերած զօրակցութեան եւ օժանդակութեան համար` երկրին դիմագրաւած ներկայ դժուար պայմաններուն ընթացքին:

Միքաթի բարձր գնահատեց Իրաքի կողմէ Լիբանանին նաւթ յատկացնելու նախաձեռնութիւնը` մասնակից դառնալու համար Լիբանանի ելեկտրականութեան տագնապի լուծման:

Միքաթի այս իմաստով քննարկում մը կատարեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատի հետ` իմանալու համար Տէյր Աամարի ելեկտրականութեան ընկերութիւն հասած իրաքեան նաւթին առաջին քանակին մասին, որուն հիմամբ քաղաքացիին տրամադրուած մայր ելեկտրականութիւնը երկար ժամերու վրայ պիտի ըլլայ:

«Կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ ելեկտրականութեան ընդհատումները մեղմացնելու, միաժամանակ աշխատելով ելեկտրականութեան տագնապին վերջնական լուծում մը գտնել` ելեկտրական հոսանք արտադրող ընկերութիւններուն տրամադրուելիք վառելանիւթի տեսակը փոփոխութեան ենթարկելով, եւ նախընտրաբար զանոնք բնական կազի հետ փոխարինելով, ինչպէս նաեւ ելեկտրական հոսանք արտադրող ընկերութիւններ հիմնելով` սեփական մարզին հետ գործակցաբար», ընդգծեց վարչապետ Միքաթի:

Նշենք, որ Իրաքի վարչապետ Մուսթաֆա Քազիմի վարչապետ Միքաթիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնած էր, թէ Իրաք կը զօրակցի Լիբանանին եւ պատրաստակամ է ամէն իմաստով օժանդակելու անոր` շրջանցելու համար իր դիմագրաւած այս դժուար փուլը:

 

Նախորդը

Ուժանիւթի Նախարարութեան Համաձայն` Պենզինի Թիթեղին Սակը Բարձրացաւ 180.000 Լ. Ոսկիի

Յաջորդը

«Իրաւական Հաշուեքննութեան Համաձայնագիրի Ստորագրութիւնը Տեսակարար Քայլ Է Դէպի Թափանցիկութիւն Եւ Փտածութեան Դէմ Պայքար» «Պաշտօնավարութեանս Վերջին Տարին Պիտի Ըլլայ Իսկական Բարեկարգումներու Տարի» Շեշտեց Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Մըրքոս. «Բանակը Աշխատանք Պիտի Տանի  Լիթանի Գետէն Հիւսիս Զինաթափումի Ծրագիրի  Պատրաստութեան Վրայ Եւ Զայն Փետրուարին  Ներկայացնէ Կառավարութեան»
Լիբանանեան

Մըրքոս. «Բանակը Աշխատանք Պիտի Տանի Լիթանի Գետէն Հիւսիս Զինաթափումի Ծրագիրի Պատրաստութեան Վրայ Եւ Զայն Փետրուարին Ներկայացնէ Կառավարութեան»

January 9, 2026
Նեթանիահու. «Լիբանանեան Կառավարութեան  Եւ Բանակին Ջանքերը Բաւարար Չեն»
Լիբանանեան

Նեթանիահու. «Լիբանանեան Կառավարութեան Եւ Բանակին Ջանքերը Բաւարար Չեն»

January 9, 2026
Լիբանանեան Բանակը Ձերբակալեց Թրիփոլիի  Տօնածառը Հրկիզելու Դէպքին Մեղսակիցները
Լիբանանեան

Բանակը Զէնքի Մենաշնորհման Ծրագիրի Առաջին Փուլի Նպատակներու Իրագործումը Յայտարարեց

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.