Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վառելանիւթի Տագնապը Կը Շարունակուի Նոյն Սրութեամբ, Իսկ Իրանեան Երկրորդ Նաւուն Փոխադրած Նաւթը Կը Հասնի Լիբանան

September 20, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հակառակ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած թիւ 180 հրամանագիրին, որուն համաձայն, 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը հասաւ 180.000 լ. ոսկիի, իսկ 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը` 174.300 լ. ոսկիի, որ կը նշանակէ, թէ պենզինի նոր գինը ճշդուած է ամերիկեան տոլարին դիմաց 12.000 լ. ոսկիի սակով, լիբանանցին տակաւին կը շարունակէ մնալ առանց վառելանիւթի:

Մինչ այս վիճակը կը յամենայ, իրաքեան ֆիուլ օյլը կը հասնի նաեւ Զահրանիի ելեկտրական կայանը:

Նշենք, որ նախապէս իրաքեան նաւթը հասած էր Տէյր Աամարի ելեկտրակայան:

Այս բոլորին կողքին, անցեալ շաբաթավերջին Սուրիայէն Լիբանան հասան իրանեան նաւթի այլ փոխադրատարներ:

Այս առումով Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ յայտնեց, որ Իրան յանձնառու կը մնայ բարեկամ երկիրներուն օժանդակութեան` աւելցնելով, որ Լիբանան ղրկուած իրանեան նաւթը լիբանանեան պահանջի ընդառաջում էր:

«Եթէ Լիբանան դարձեալ կը փափաքի իրանեան նաւթ գնել, ապա մենք պատրաստ ենք ընդառաջելու այդ փափաքին», ըսաւ Խաթիպզատէ:

Այս մասին վարչապետ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրները հաստատեցին, որ Լիբանանի կառավարութիւնը Իրանէն նաւթ չէ պահանջած:

Միքաթի. «Կը Ցաւիմ Լիբանանի Գերիշխանութեան Դէմ
Գործուած Ոտնձգութեան Համար,
Սակայն Պատժամիջոցները Չեն Վախցներ Զիս»

Վարչապետ Միքաթի շաբաթավերջին «Սի. Էն. Էն.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութեան հիմնական պարտականութիւնը փլուզման կասեցումն է եւ երկիրը բարեկարգումի ու ապաքինման հունին մէջ զետեղելը, որպէսզի կարելի ըլլայ անցնիլ տնտեսական, ելեւմտական եւ կենցաղային տագնապներու լուծման:

Միքաթի յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութենէն ետք ինք աւելի հանգիստ կը զգայ, յատկապէս այն իրականութեան համար, որ Միջազգային դրամական ֆոնտը պատրաստակամութիւն յայտնած է օժանդակելու Լիբանանին, յատկապէս` ելեկտրականութեան եւ առողջապահական տագնապներու լուծման առումով:

«Դժբախտաբար Լիբանան անմիջական շարք մը մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ, որոնց շարքին` ելեւմտական եւ տնտեսական տագնապը, «Քորոնա»-ի համաճարակն ու Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը», հաստատեց ան` աւելցնելով, որ ութ ամիսներու ընթացքին կառավարութիւնը երկրին ապաքինումը չի կրնար ապահովել` նկատի ունենալով, որ սահմանադրական առումով կառավարութիւնը պէտք է հրաժարի երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք:

Միքաթի շեշտեց, որ նորակազմ կառավարութիւնը կը պնդէ, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պէտք է կայացուին սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին ընթացքին:

Կառավարութեան մէջ Հըզպալլայի ներկայացուցչութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ ինք գործնական մարդ է, եւ երկրին կառավարութիւնը կը ներառէ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն մեծ մասը: «Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցելու եւ բարեկարգումներ գործադրելու համար մենք կարիքը ունինք բոլորին համախոհութեան եւ զօրակցութեան, իսկ Հըզպալլա խորհրդարանին մէջ լիբանանցիներուն մէկ մասը կը ներկայացնէ», ըսաւ ան:

Դէպի Լիբանան իրանեան նաւթ պատուիրելու Հըզպալլայի քայլին եւ Լիբանանի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ ինք կը ցաւի Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութեան համար, սակայն պատժամիջոցները չեն վախցներ զինք, որովհետեւ այդ գործողութիւնը կառավարութեան կամքով կամ պատուէրով չէ կատարուած:

Վարչապետ Միքաթի շնորհակալութիւն յայտնեց Իրաքի կառավարութեան` Լիբանանին նաւթ տրամադրելու առիթով, ինչպէս նաեւ հաստատեց, որ Ֆրանսա օժանդակած է Լիբանանին` կառավարութեան կազմութիւնը ապահովելու իմաստով:

Ամերիկեան կառավարութեան կեցուածքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Միքաթի հաստատեց, որ ինք ամերիկեան վարչակազմէն զօրակցական հեռագիրներ ստացած է:

Վարչապետ Միքաթի հարցազրոյցը եզրափակեց ընդգծելով, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը արգելակող ոչ մէկ խոչընդոտի առիթ պիտի տայ` աւելցնելով սակայն, որ պէտք է այս իմաստով նկատի ունենայ սահմանադրական եւ օրինական կանոնները:

Նախորդը

Ռայի Պատրիարքը Մաղթեց, Որ Նորակազմ Առավարութիւնը Միասնականութեամբ Գործէ

Յաջորդը

Մաուլաուի Պըտնայելի Մէջ Ստուգեց Ամոնիում Նայթրէյթով Բեռցուած Փոխադրատար Մը

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 6, 2026
Ապտալլա. «Ելեւմտական Բացի Նախագիծին  Եւ Տնտեսական Խորհուրդներուն Ու Դրամատուներուն  Միջեւ Տարակարծութիւնը Պահեստի Գումարի Ծաւալին  Ու Ճգնաժամի Որակման Շուրջ Է»
Լիբանանեան

Ապտալլա. «Ելեւմտական Բացի Նախագիծին Եւ Տնտեսական Խորհուրդներուն Ու Դրամատուներուն Միջեւ Տարակարծութիւնը Պահեստի Գումարի Ծաւալին Ու Ճգնաժամի Որակման Շուրջ Է»

January 5, 2026
Անդրադառնալով Լիբանանի Մէջ  Համասի Զէնքի Յանձնման`   Տիմաշքիէ. «Հակառակ Թափուած Ջանքերուն,  Հարցերը Տակաւին Չլուծուեցան, Եւ Տակաւին  Յամառութեան Կը Հանդիպինք»
Գլխաւոր լուրեր

Անդրադառնալով Լիբանանի Մէջ Համասի Զէնքի Յանձնման` Տիմաշքիէ. «Հակառակ Թափուած Ջանքերուն, Հարցերը Տակաւին Չլուծուեցան, Եւ Տակաւին Յամառութեան Կը Հանդիպինք»

January 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.