Լիբանանեան բանակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Իյաթի մէջ 17 սեպտեմբեր 2021-ին ամոնիում նայթրէյթի գրաւումէն ետք բանակը ձերբակալեց 6 լիբանանցիներ, որոնց շարքին էին Մարուն Սաքըր եւ Ահմետ Զէյն:
«Օրին բանակը ձերբակալեալները յանձնեց համապատասխան դատախազութեան, ինչպէս նաեւ յանձնարարեց բանակի գաղտնի սպասարկութեան` հետապնդելու այդ թղթածրարը:
Բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը այս առնչութեամբ ձերբակալեց 9 մեղսակիցներ, որոնք լիբանանցիներ են եւ սուրիացիներ», կը նշէ հաղորդագրութիւնը` աւելցնելով, որ այլ տեղեկութիւններ, որոնք վերագրուած են բանակին, անճիշդ են, եթէ անոնք բանակի պաշտօնական կայքին վրայ տեղադրուած չեն կամ բանակին անունով հրապարակուած չեն:
«Նաշրա» կայքին համաձայն, հետաքննութեան արդիւնքները փաստած են, թէ Իպրահիմ Սաքըր պատասխանատու է Պեքաայի մէջ գրաւուած ամոնիում նայթրէյթի քանակին:
Նոյն տեղեկութիւնները հաստատեցին, որ ծաւալած հետաքննութեան նպատակն է իմանալ, եթէ Պեքաայի մէջ գրաւուած ամոնիում նայթրէյթը որեւէ կապ ունի Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ գտնուող քանակին հետ:
Նոյն աղբիւրին համաձայն, հետաքննութեան արդիւնքները յղուած են ընդհանուր դատախազութիւն` զանոնք միացնելու նաւահանգիստի պայթումի թղթածրարին:
Ան նկատել տուաւ, որ ապահովական հետաքննութիւնները տակաւին ընթացքի մէջ են` հաստատելու համար, թէ այլ վայրի մը մէջ ամոնիում նայթրէյթ գոյութեան ունի՞:
Պէտք է նշել, որ Իպրահիմ Սաքըրի պաշտպան փաստաբան Ժորժ Խուրի շեշտեց, որ Իպրահիմ Սաքըրի անունը Պեքաայի մէջ գրաւուած ամոնիում նայթրէյթին հետ ոչ մէկ առնչութիւն ունի: Խուրի ընդգծեց, որ լիբանանեան բանակին հրապարակած հաղորդագրութիւնը ատիկա ցոյց կու տայ:



