Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաուլաուի Եւ Իպրահիմ Կ՛ընդգծեն Ընդհանուր Ապահովութեան Կառոյցին Կարեւորութիւնը

September 29, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի երէկ այցելեց Ընդհանուր ապահովութեան կեդրոնատեղի, ուր դիմաւորուեցաւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի կողմէ:

Հանդիպումին ընթացքին Մաուլաուի յայտնեց, որ ներքին գործոց նախարարը անկասկած հայրենիքին եւ քաղաքացիներուն ծառայութեան առաքելութիւնը ունի եւ անոնց տրամադրութեան տակ կը գտնուի, ներառեալ ժողովրդային շարժումը, զոր պէտք է լայն սրտով ընդունիլ:

«Ժողովրդային շարժումը կը ներկայացնէ քաղաքացիներուն մէկ շերտը, որուն նկատմամբ պէտք է ըմբռնում ցուցաբերել եւ որուն հետ պէտք է շինիչ երկխօսութիւն կատարել», ըսաւ ան:

Մաուլաուի նշեց, որ իրենք կը գիտակցին Ընդհանուր ապահովութեան կառոյցի պաշտօնեաներուն ու ոստիկաններուն դիմագրաւած դժուար պայմաններուն, ինչպէս բոլոր քաղաքացիները: «Կը վերահաստատեմ խոստումս, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեմ ձեզի համար ճշդելու նուազագոյն աշխատավարձ մը, որուն շնորհիւ արժանապատիւ ապրելակերպ ունենաք: Օրէնքը պիտի գործադրեմ եւ պիտի չարտօնեմ, որ ձեր դէմ դաւադրութիւններ նիւթուին: Յանձնառու եմ Ընդհանուր ապահովութեան կառոյցին յաջողութեան, որովհետեւ անիկա Լիբանանի յաջողութիւնն է», շեշտեց Մաուլաուի:

Ան յայտնեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան պարտականութիւնն է երկրին սահմանները հակակշիռի տակ պահել` շեշտելով, որ սահմանային ապօրինի անցքերուն հակակշռումը հիմնական դերակատարութիւն կրնայ ունենալ երկրին ապահովութիւնը պահպանելու իմաստով:

Իր կարգին, Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան կառոյցին համար քաղաքացին իրաւատէր է եւ ոչ թէ ծառայութիւն խնդրող:

Ան նշեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը ահաբեկչութեան դէմ ամէնէն ծանր մարտերուն մասնակցած են եւ ունեցած նահատակներ: «Անոնք իրենց արեամբ ամրագրած են կանխարգիլող ապահովութեան յղացքը` հաւատադրժողական եւ իսրայէլեան ահաբեկչութեան դէմ պայքարի իրենց ոճով», ըսաւ ան:

Ապպաս Իպրահիմ ընդգծեց, որ Ընդհանուր ապահովութիւնը կազմ ու պատրաստ է ձախողցնելու Լիբանանը եւ անոր կայունութեան կառոյցը թիրախ դարձնող որեւէ գործողութիւն կամ Լիբանանի դէմ նիւթուող քաոս` օրինական իրաւասութիւններու սահմաններուն մէջ, յատկապէս նկատի ունենալով, որ երկիրը կը դիմագրաւէ գոյութենական պայքար մը, որ իր պատմութեան մէջ չէ վկայած:

Նախորդը

Ճորճ Պուչիքեան. «Որակի Եւ Արտածումի Իմաստով Յատկանիշները Վստահութեան Բանալիներն Են»

Յաջորդը

Սլիմ Իտալացի Իր Պաշտօնակիցէն Ստացաւ Նամակ Մը

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.