Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի Տնտեսական Խորհուրդներուն Եւ Նախարարներուն Հետ Քննարկեց Երկրին Փլուզումը Կասեցնելու Եւ Հատուցման Քարտը Վաւերացնելու Կարելիութիւնները

September 28, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Տնտեսական խորհուրդները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` նախագահութեամբ նախկին նախարար Մոհամետ Շքէյրի:

Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի շեշտեց, որ բոլոր կողմերուն միջեւ գործակցութիւնը շատ կարեւոր է` Լիբանանը ապաքինման ուղիին վրայ զետեղելու համար:

Ան հաստատեց, որ նախաքայլը պէտք է ըլլայ երկրին փլուզման կասեցումը, ինչպէս նաեւ ժողովուրդը յուզող կենցաղային հարցերուն, ինչպէս` ելեկտրական հոսանքի, դեղորայքի, եւ վառելանիւթի հարցերուն լուծումը:

Շքէյր շնորհաւորեց Միքաթին եւ անոր յաջողութիւն մաղթեց:

Միքաթի նախագահեց նաեւ հատուցման քարտի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետ Սաատէ Շամի, ընկերային հարցերու նախարար Հեքթոր Հաժժար, ելեւմուտքի նախարար Եուսեֆ Խալիլ, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ամին Սալամ, նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար, դատաւոր Մահմուտ Մաքքիէ:

Նիստէն ետք Սալամ յայտնեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն հատուցման քարտին սպառնացող խոչընդոտները լուծելու եւ յառաջիկայ օրերուն ընթացքին որոշ դրական արդիւնքներու հասնելու:

Միքաթի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչի տեղակալ Նաժաթ Ռուշտին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ այս փուլին լիբանանցիներուն օժանդակելու միջոցները:

Հանդիպումէն ետք Ռուշտի յայտնեց, որ Լիբանանին կատարուելիք միջազգային ընտանիքի օժանդակութիւնները պայմանաւորուած են երկրին մէջ գործադրուելիք բարեկարգումներով:

Միքաթիի այցելեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ: Քննարկուեցան արտաքին գործոց նախարարութեան վերաբերող հարցեր:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ «Միտըլ իսթ» օդանաւային ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Հութ, որ Միքաթիի հետ քննարկեց «Միտըլ իսթ»-ի եւ Պէյրութի միջազգային օդակայանի բարգաւաճման ու ծառայութիւններու բարելաւման ծրագիրները:

Նախորդը

Պըրրի Ուժանիւթի Նախարարին Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան Տագնապին Լուծման Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Բագրատունի Ընդունեց ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Ներկայացուցիչը

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.