Աշխատանքի նախարար Մուսթաֆա Պայրամ յայտնեց, որ աշխատանքի նախարարութիւնը չէ, որ սեփական մարզին աշխատավարձերը կը հոգայ` աւելցնելով, որ նախարարութիւնը կը ներկայացնէ պետութիւնը եւ կը հովանաւորէ աշխատաւորներուն ու աշխատատէրերուն միջեւ երկխօսութիւնը:
«Մենք յանձնառու ենք երկու կողմերու իրաւունքներուն, սակայն այսօր ամէնէն աւելի վնասուած են աշխատաւորները, որոնք արժանապատիւ կեանք մը ունենալու յատկանիշները կորսնցուցած են: Լիբանանցի աշխատաւորին աշխատավարձը գետնին հաւասար եղած է, եւ անիկա համազօր է երկու կամ երեք թիթեղ պենզինի սակին: Այս իրականութիւնը մերժելի է եւ կարելի չէ զայն արտօնել», հաստատեց Պայրամ:
Միւս կողմէ, Պայրամ յայտնեց, որ նիստ մը գումարած են Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան ներկայացուցիչներուն հետ եւ անոնց հետ համաձայնած հիմնելու էփ մը, որ աշխատանքի շուկան կը կապէ աշխատաւորներուն:
Պայրամ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց նաեւ, որ Քաթարի պետութիւնը կապ պահած է իրենց հետ` աշխուժացնելու համար Քաթարի մէջ լիբանանցիներուն համար աշխատանք ապահովող համաձայնագիրին գործադրութիւնը` նպատակ ունենալով մեղմացնել Լիբանանի անգործութեան համեմատութիւնը:



