Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սալիպա. «Կը Հաւատանք, Որ Լիբանանի Դիմագրաւած Այս Դժուար Պայմանները Պիտի Վերանան»

Սեպտեմբեր 27, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պետական անվտանգութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութեան հիմնադրութեան 37-ամեակին առիթով, այդ ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Թոնի Սալիպա երէկ զինուորականներուն ուղղեց պատգամ մը, որուն մէջ ան շեշտեց, որ բոլորը ծանօթ են Լիբանանի ապրած ներկայ իրավիճակին եւ անոր դժուարութիւններուն:

«Բոլորը գիտեն, որ երկրին սպառնացող ներկայ տագնապը իր ծանրութեամբ եւ կշիռով կը ճնշէ բոլոր լիբանանցիները: Այս իմաստով կը հաստատեմ, որ Լիբանանի մէջ ձեր ծառայութեան ընթացքը ազնուութիւն է եւ արտակարգ քաջութիւն` հասնելու համար ձեր երդումով մարմնաւորուած վեհ գաղափարին», ըսաւ ան:

Սալիպա ընդգծեց, որ երբ «Պետական անվտանգութիւն» եզրը կրող կարգախօսը զետեղած են իրենց կուրծքին` ամբողջ պատասխանատուութիւնը զգացած են իրենց ուսերուն վրայ: «Մենք մեր անձը զոհելու ուխտ կատարած ենք` ի խնդիր Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն պաշտպանութեան: Լիբանանը երկու արտակարգ արժէքներ կը մարմնաւորէ` մարդն ու պատմութիւնը, որոնց պահպանումը անկարելի է, եթէ անվտանգութիւնն ու ազատութիւնը չամրապնդենք», շեշտեց ան:

Սալիպա նկատել տուաւ նաեւ, որ Լիբանանին կը սպառնան հիմնական երեք հարցեր, որոնք են. «Թշնամի Իսրայէլը, որուն լրտեսութեան դէմ կը պայքարիք, հաւատադրժողական թշնամին, որուն կը հետապնդէք եւ անոր ցանցերը կը բացայայտէք, ինչպէս նաեւ անյագութիւնը, որմէ կը տառապին չարաշահողներն ու փտածները, որոնց դէմ ամէնօրեայ դրութեամբ կը պայքարիք ձեր կատարած ներխուժումներով, ձերբակալութիւններով եւ ապրանքներու գրաւումով»:

«Կը հաւատանք, որ Լիբանանի դիմագրաւած այս դժուար պայմանները պիտի վերանան: Հայրենիքը պիտի շարունակէ գոյատեւել շնորհիւ ձեր զոհողութիւններուն, կամքին ու կորովին: Այս բոլորին իբրեւ արդիւնք հայրենիքը յաղթական դուրս պիտի գայ», եզրափակեց Սալիպա:

 

Նախորդը

Ռայի Պատրիարքը Դատապարտեց Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հետաքննութիւնը Խանգարելու Քայլերը

Յաջորդը

Տար Ֆաթուայի Մէջ. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Կայացնելու Յանձնառու Կը Մնանք» Շեշտեց Մաուլաուի

RelatedPosts

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»
Լիբանանեան

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ժապեր. «Կեդրոնական Դրամատան Նոր Կառավարիչը  Մարտի Աւարտէն Առաջ Պիտի Նշանակուի»
Լիբանանեան

Ժապեր. «Պատերազմին Գինը Անցաւ 11 Միլիառ Տոլարը»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?