ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 543 վարակուածներ եւ մահացած 10 ուրիշներ:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանին վերաբերող հարցեր:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Էտի Ապի Լամաա վերահաստատեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին թղթածրարը միջազգային հետաքննութեան յանձնախումբի մը յանձնելու պահանջը:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպ յայտնեց, որ իրենք յանձնառու կը մնան ուսուցիչներու իրաւունքներուն, ինչպէս նաեւ ուսում ստանալու աշակերտներու իրաւունքին:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն հաստատեց, որ երկրին մէջ առկայ հարցերուն լուծումը կարելի չէ ապահովել բացի Միջազգային դրամատան միջամտութեամբ:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա կոչ ուղղեց Լիբանանի մէջ ընկերային հիմնական հոգատարութիւնը պաշտպանելու եւ անոր օժանդակութիւն ապահովելու:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ Պեքաայի պատասխանատու Հիւսէյն Նըմըր կոչ ուղղեց երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու:


