Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 9, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 240 վարակուածներ եւ մահացած 5 ուրիշներ:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ Լիբանանի կառավարութեան աշխատանքը արգելակող կողմերուն նպատակն է լիբանանեան պետութիւնը կազմաքանդել եւ Լիբանանի միասնականութիւնը հարուածել:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Հեքթոր Հաժժար յայտնեց, որ հատուցման քարտին առնչուած բոլոր մանրամասնութիւնները պատրաստ են` աւելցնելով, որ խորհրդարանին կողմէ այդ մասին բարեփոխումները վաւերացնելէ անմիջապէս ետք արձանագրութիւններուն կարելի է սկսիլ:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Ճոնի Քըրըմ վերահաստատեց, որ հաղորդակցութեան սակերը յաւելում պիտի չարձանագրեն` աւելցնելով, որ նման որոշում կարելի է տալ այն ժամանակ միայն, երբ կառավարութեան կողմէ ամբողջական ծրագիր մը կը ներկայացուի: Քըրըմ յայտնեց, որ ինք երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը պիտի չառաջադրէ` աւելցնելով, որ տեղեկատուութեան նախարար Ժորժ Քըրտահիի հրաժարականը առկայ չէ, «սակայն քաղաքականութեան մէջ  հաստատ ոչինչ կայ», աւելցուց ան:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած տագնապին համար պէտք է քաղաքական լուծում ապահովել, որպէսզի կարելի ըլլայ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել, այլապէս` Լիբանանի հետ վարուելակերպը պիտի ըլլայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի 7-րդ յօդուածին համապատասխան, այսինքն` Լիբանան մուտք պիտի գործէ միջազգային հովանաւորութեան փուլ, որուն ընթացքին միջազգային ուժեր պիտի հասնին Լիբանան` ապազինելու համար Հըզպալլան:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա յայտնեց, որ Լիբանանի ճակատագիրը կարելի չէ այս կամ այն արտաքին որոշումէն կախեալ դարձնել: «Մենք անկարելի է, որ արտօնենք Լիբանանի պախարակումը», ըսաւ ան:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Փիեռ Պու Ասի յայտնեց, որ Հըզպալլա կ՛աշխատի հիմնելու համար իսլամական երկիր մը` վախցնելով մնացեալ բոլորը, ինչպէս նաեւ պատիժէ խուսափելով: «Այս բոլորը անշուշտ կը կատարուի Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կողմէ Հըզպալլային շնորհուած քրիստոնէական հովանաւորութեամբ», ըսաւ ան:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ պատասխանատուները պէտք է ժողովուրդին բացայայտեն, եթէ երկրին դիմագրաւած տագնապներուն համար լուծումներ գտնելու անկարելիութեան դիմաց կը գտնուին:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ լիբանանեան դրամանիշին անկումը պատճառ դարձած է, որ հիւանդը վերածուի զոհի, իսկ մահացու հիւանդութեանց դեղորայքին նպաստի յատկացումը պէտք է շարունակուի:

ԻՐԱՆԻ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա պէտք է իմանայ, որ Լիբանանի դէմ բանեցուցած ճնշումն ու շրջափակումը ապարդիւն դուրս պիտի գան:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի ընտրանքն է տեղեկատուութեան նախարար Ժորժ Քըրտահիի հրաժարականը, այլապէս` ան պիտի որդեգրէ Քըրտահին պաշտօնազրկելու որոշումը:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի որդեգրած մագլցողական ոճը պատճառ պիտի դառնայ երեսփոխանական ընտրութիւնները չկայացնելու:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ վստահելի աղբիւրներ կը հաղորդեն, թէ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման մերժած է նախկին նախարար Ալի Հասան Խալիլի դէմ դատաւոր Թարեք Պիթարի արձակած բերման ենթարկելու որոշումը բացայայտել եւ զայն վերադարձուցած է Ընդհանուր դատախազութեան:

 

 

Նախորդը

Ֆանարի Ակումբին Մէջ. Կեանքի Տագնապալի Փուլերը Յաղթահարելու Միջոցներուն Մասին Օգտաշատ

Յաջորդը

Թարիք Ժտիտէի Եւ Քոլայի Մէջ Ձեռնառումբեր Եւ Ուժանակ` Նախարար Սալամի Այցելութիւնը Մերժելու

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.