Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանան Կը Դատապարտէ Քազիմիի Դէմ Գործուած Մահափորձը

November 8, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրաքի վարչապետ Մուսթաֆա Քազիմիի դէմ մահափորձը երէկ դատապարտեցին Լիբանանի իշխանութեան պետերը, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ անձնաւորութիւններ:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն խստիւ դատապարտեց Քազիմիի դէմ մահափորձը` զայն նկատելով վարչապետին անձին ու Իրաքի կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը, Իրաքի ազգային միասնականութիւնը ամրապնդել փորձող, ինչպէս նաեւ երկրին տնտեսութիւնը աշխուժացնող քայլերը թիրախ դարձնող յարձակում մը:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Քազիմիի հետ եւ շնորհաւորեց զայն ու անոր ընտանիքը` մահափորձէն փրկուելու առիթով: Պըրրի իր եւ խորհրդարանին անունով դատապարտեց Քազիմիի դէմ գործուած մահափորձը:

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Քազիմիի հետ եւ շնորհաւորեց զայն մահափորձէն փրկուելու առիթով:

Միքաթի Իրաքին մաղթեց ապահովական կայունութիւն:

Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ խստիւ դատապարտեց Իրաքի վարչապետ Մուսթաֆա Քազիմիի մահափորձը եւ Իրաքին մաղթեց ապահովական կայունութիւն:

Արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ Լիբանան կը զօրակցի Իրաքին եւ անոր ազգային միասնականութեան, գերիշխանութեան ու անկախութեան:

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի հեռագիր մը յղեց Մուսթաֆա Քազիմիին` դատապարտելով անոր դէմ գործուած մահափորձը: Հարիրի ցաւ յայտնեց, որ տակաւին կան այնպիսի ուժեր, որոնք գրաւ դրած են Իրաքը քաոսային եւ բախումնային մթնոլորտի գերին պահելու գաղափարին վրայ:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ ոմանք տակաւին կառչած կը մնան Իրաքի եւ շրջանին մէջ բռնութիւններով եւ մահափորձերով ժողովուրդի կամքին դէմ դնելու գաղափարին:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը խստիւ դատապարտեց Քազիմիի դէմ գործուած մահափորձը` հաստատելով, որ Իրաքի ապահովական կայունութիւնը խախտելու թիրախ ունեցող ուժերուն առիթները պէտք է ջլատել:

Հըզպալլա խստիւ դատապարտեց Իրաքի վարչապետին դէմ գործուած մահափորձը եւ շնորհաւորեց զայն այդ մահափորձին ձախողութեան առիթով:

Հըզպալլա կոչ ուղղեց հետաքննութիւն բանալու` բացայայտելու համար այդ անարգ արարքին ետին կանգնողներն ու անոնց նպատակները:

Հըզպալլա կոչ ուղղեց պահպանելու երկրին կայունութիւնն ու ազգային միասնականութիւնը, ինչպէս նաեւ սադրանքներուն եւ քաղաքական տարակարծութիւններուն վերջ տալու իմաստուն կեցուածքով, երկխօսութեամբ եւ համբերութեամբ:

 

Նախորդը

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնը Կոչ Կ՛ուղղէ Կառավարութեան Առանց Նախապայմանի Վերադառնալու Իր Նիստերուն

Յաջորդը

Արաբական Լիկայի Պատուիրակութիւնը Կը Փութայ Լիբանան` Լուծելու Ծոցի Երկիրներուն Հետ Ստեղծուած Դիւանագիտական Տագնապը

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.