Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնը Կոչ Կ՛ուղղէ Կառավարութեան Առանց Նախապայմանի Վերադառնալու Իր Նիստերուն

November 8, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը շաբաթավերջին գումարեց իր առցանց նիստը` նախագահութեամբ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի:

Կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը կառավարութենէն պահանջեց առանց նախապայմանի վերադառնալ իր նիստերուն` աւելցնելով, որ երկրին ընկերային տագնապները կառավարական եւ խորհրդարանական զօրաշարժի կարիք ունին` վաւերացնելու համար ելեւմտական ապաքինման ծրագիրը, ինչպէս նաեւ իրականացնելու համար բարեկարգումներն ու որդեգրուած այն դասաւորումները, որոնք կը սահմանափակեն լիբանանցիներուն տառապանքը:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը հաստատեց, որ ինք կը բաղձայ, որ Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ հեզասահ ու սերտ յարաբերութիւններ հաստատուին, եւ այդ յարաբերութիւնները հիմնուած ըլլան փոխադարձ յարգանքի եւ շահերու վրայ:

Ազգային ազատ հոսանքի քաղաքական խորհուրդը հաստատեց, որ պետական պաշտօնաթերթին մէջ հրատարակուած ընտրական օրէնքը գոյութիւն չունի, որովհետեւ անիկա խորհրդարանին մեծամասնութեան քուէարկութեամբ չէ վաւերացուած, ինչպէս որ սահմանադրութեան թիւ 57-րդ յօդուածը կը պարտադրէ այն օրէնքներուն պարագային, որոնք հանրապետութեան նախագահին կողմէ խորհրդարան վերադարձուած կ՛ըլլան:

«Խորհրդարանին մէջ պատահածը սահմանադրութեան սխալ մեկնաբանութիւն է, եւ այդ քուէարկութիւնը եղած է պարզ մեծամասնութեան հիման վրայ», նշուեցաւ Ազգային ազատ հոսանքին կողմէ:

Կուսակցութիւնը մաղթեց, որ Սահմանադրական խորհուրդը ուղղէ երկրին սահմանադրութիւնը խախտող այս որոշումը:

Միւս կողմէ, Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յատնեց, որ համախմբումը կը պատրաստուի վիճարկել ընտրական օրէնքի բարեփոխումը` աւելցնելով, որ մինչեւ 20 նոյեմբեր 2021 Սահմանադրական խորհուրդին մօտ վիճարկումը կատարուած պիտի ըլլայ:

Աուն նկատել տուաւ նաեւ, որ ընտրական օրէնքին շուրջ այս բանավէճը պիտի չազդէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումին վրայ` աւելցնելով, որ վիճարկումը երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացումը վտանգի չ՛ենթարկեր:

Նշենք, որ Պասիլ շաբաթավերջին ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն կատարեց գրառում մը, որուն մէջ հաստատեց, որ իր դէմ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցներուն վերաբերեալ պէտք եղած սերտողութիւնը կատարած է եւ պիտի փաստէ, թէ անիրաւութիւնը չի կրնար երկարատեւ ըլլալ:

Նախորդը

«Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պէտք Է Կատարուին Ճշդուած Թուականին Եւ ՄԱԿ-ի Հսկողութեամբ» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Յաջորդը

Լիբանան Կը Դատապարտէ Քազիմիի Դէմ Գործուած Մահափորձը

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.