Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաուլաուի. «Մեր Նպատակն Է Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Ճշդուած Թուականին Կատարել»

November 9, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ լիբանանեան պետութեան նպատակն է երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարել:

Ան կոչ ուղղեց շրջանային եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն դէտեր ուղարկելու Լիբանան` հսկելու համար ընտրութիւններուն:

Մաուլաուի ընդգծեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն համար իրենք նախապատրաստական աշխատանքներուն արդէն իսկ սկսած են` աւելցնելով, որ ինք եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն, որպէսզի երեսփոխանական ընտրութիւնները յաջողին, ինչպէս նաեւ պիտի որդեգրեն այնպիսի միջոցառումներ` այդ ընտրութիւնները առանց բացթողումներու կատարելու համար:

«Բոլորին համար արդէն իսկ յստակ է, թէ Լիբանան տնտեսական ի՛նչ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ, սակայն երբ նպատակը կայ` միջոցները կը գտնուին», ըսաւ Մաուլաուի:

Ան իր խօսքը ուղղելով արաբ եղբայրներուն յայտնեց, որ Լիբանան իր ժողովուրդով, մշակոյթով ու քաղաքակրթութեամբ կը սիրէ աշխարհին բացուիլ եւ կը մերժէ արաբական իր պատմութեան դէմ յեղաշրջում կատարել ու կը փափաքի միայն իր արաբ եղբայրներուն գիրկը գտնուիլ` նկատի ունենալով իր պատմութիւնը եւ արիւնակցութիւնը: «Լիբանան իր ուղիէն պիտի չշեղի եւ պիտի մնայ արաբներուն հանդիպման վայրը, ինչպէս նաեւ յանձնառու պիտի մնայ անոնց ապահովութեան եւ հանգստութեան: Լիբանան շատ աւելի զօրաւոր է, քան` անոր համար պատրաստուած թակարդները. ան արկածախնդրութիւններ չի հանդուրժեր եւ անոր ընտրանքները մոխրագոյն պիտի չըլլան», աւելցուց Մաուլաուի:

Ան բարձր գնահատեց Արաբական լիկայի ջանքերը` Լիբանանի դիւանագիտական տագնապի լուծման ի խնդիր, ինչպէս նաեւ դատապարտեց Իրաքի վարչապետ Մուսթաֆա Քազիմիի դէմ մահափորձը` աւելցնելով, որ Քազիմի ճիգ չի խնայեր Իրաքը կեանքի բերելու իմաստով:

Այս առիթով Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքա հաստատեց, որ 2022-ի երեսփոխանական ընտրութիւնները էական են` յաջողցնելու համար բարեկարգումի եւ պետութեան նկատմամբ լիբանանցի քաղաքացիին վստահութիւնը վերականգնելու օրակարգերը:

 

 

 

Նախորդը

Թարիք Ժտիտէի Եւ Քոլայի Մէջ Ձեռնառումբեր Եւ Ուժանակ` Նախարար Սալամի Այցելութիւնը Մերժելու

Յաջորդը

Տնտեսական Ընկերային Խորհուրդին Հետ Հանդիպումին Ընթացքին. «Միջազգային Դրամական Ֆոնտին Հետ Զարգացումներ Իրականացուցած Ենք, Իսկ Հատուցման Քարտը Կը Փորձենք Միջազգային Դրամատան Ճամբով Ֆինանսաւորել» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.