Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Միքաթի Կը Հաստատէ Ծոցի Երկիրներուն Հետ Եղբայրական Յարաբերութիւնները Պահպանելու Առաջնահերթութիւնը

November 11, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նկատի ունենալով ժողովներու գումարումին վերսկսելու նախարարաց խորհուրդին անկարողութիւնը, քաղաքական կարգ մը աղբիւրներ մտավախութիւն յայտնեցին, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կառավարութիւնը արդէն իսկ վերածուած է ընթացիկ հարցերու կառավարութեան` առանց հրաժարելու:

Միւս կողմէ, Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ, ինչպէս նաեւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները կը շարունակեն մնալ փշոտ, եւ քաղաքական որոշ աղբիւրներ կը հաստատեն, որ այդ լարուածութիւնը հարթելու համար քուլիսներու ետին ճիգեր ի գործ կը դրուին:

Լիբանանի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու լարուածութեան շրջագիծին մէջ քուէյթեան «Քապաս» օրաթերթը հրապարակեց լուր մը, որուն համաձայն, Քուէյթի ներքին գործոց նախարարութիւնը վերջ տուած է լիբանանցի քաղաքացիներուն ամէն տեսակի վիզա յատկացնելու հոլովոյթը, ըլլան անոնք ընտանեկան, զբօսաշրջական, առեւտրական, թէ կառավարական վիզաներ:

Լիբանանեան դրամանիշը իր կարգին շարունակեց անկում արձանագրել, երբ ամերիկեան տոլարին սակը բարձրացաւ 21,500 լ. ոսկիի:

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Սէուտական Արաբիոյ եւ Պահրէյնի մէջ Լիբանանի դեսպաններ Ֆաուզի Քապպարան եւ Միլետ Նամմուրը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Ծոցի երկիրներուն հետ ստեղծուած վերջին հարցերը, որոնց լոյսին տակ զոյգ դեսպանները շեշտեցին այդ հարցերուն բարդանալուն եւ Ծոցի երկիրներուն ու Լիբանանի միջեւ փշոտ յարաբերութիւններուն երկարատեւ ըլլալուն մասին իրենց մտավախութիւնները:

Քապպարա եւ Նամմուր հաստատեցին, որ տագնապի լուծման ուշացումը յաւելեալ դժուարութիւններ պիտի պատճառէ` այդ յարաբերութիւնները վերահաստատելու եւ բնականոնացնելու առումով:

Զոյգ դեսպանները ընդգծեցին, որ նախքան իրենց Լիբանան վերադարձը` սէուտցի եւ պահրէյնցի պատասխանատուները շեշտած են, թէ յանձնառու կը մնան Լիբանանի հետ եղբայրական կապերուն եւ լիբանանցի ժողովուրդին հետ իրենց ամուր մտերմութեան:

Վարչապետ Միքաթի վերահաստատեց, որ Լիբանանի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ եղբայրական յարաբերութիւնները առաջնահերթութիւն են` աւելցնելով, որ պէտք է քաղաքական եւ միջազգային յարաբերութիւններու մակարդակներուն վրայ լիբանանեան ազգային շահերը աւելի բարձր դասել, քան` անձնական շահերը:

Նշենք, որ վարչապետը առաւօտեան այցելեց յոյն ուղղափառ համայնքի Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ փոխվարչապետ Սաատէ Շամի եւ երեսփոխան Նիքոլա Նահհաս:

Հանդիպումէն ետք վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ Աուտէ եպիսկոպոսին յայտնած է, թէ այսօր պիտի առաջադրուի նախաձեռնութիւն մը, որ սահմանափակուած է 4 օգոստոսի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն վնասուած շրջաններով:

«Պէյրութը վերստին պիտի ըլլայ աշխատանքներու հրապարակը», ըսաւ Միքաթի:

Լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով` վարչապետը հաստատեց, որ ինք ոչ մէկ արգելք ունի, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի թղթածրարին հետաքննութիւնը շարունակէ կատարել Թարեք Պիթարը: «Մենք դատական իշխանութիւններու աշխատանքին միջամուխ չենք դառնար», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

Վառելանիւթի Սակերը Դարձեալ Կը Սղին

Յաջորդը

Պաապտայի Մէջ. «Վաղը Արեւը Կը Ծագի, Եւ Մարդիկ Կը Տեսնեն» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.