Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Նոյեմբեր 11, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1004 վարակուածներ եւ մահացած 5 ուրիշներ:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆիրաս Ապիատ հաստատեց, որ յառաջիկայ ամիս Լիբանանի մէջ այլընտրանքային դեղորայքի յաւելեալ ընտրանքներ պիտի ըլլան` աւելցնելով, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դրուի առողջապահութեան մարզին նկատմամբ վստահութիւնը վերահաստատելու, որպէսզի կարելի ըլլայ դարձեալ նուիրատուութիւններ ստանալ:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Նասեր Եասին կոչ ուղղեց աշխուժացնելու Լիթանիի ապականումին դէմ պայքարը, ինչպէս նաեւ նախարարութեան յանձնառութիւնը յայտնեց երկրագործին նկատմամբ: Եասին ընդգծեց, որ պէտք է պաշտպանել Ամշիթի քարայրը եւ զսպել որսի խախտումները:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ֆատի Ալամէ յայտնեց, որ առողջապահական մարզը ամբողջական փլուզումի ենթակայ է, իսկ քաղաքացին ուղղակիօրէն հիւանդանոցներուն հետ դէմ յանդիման կը գտնուի:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Զիատ Հաուաթ յայտնեց, որ այնքան ատեն որ Հըզպալլա կառչած կը մնայ իր զէնքին, յոյս չկայ, որ որեւէ կառավարութիւն կարենայ իր աշխատանքը կատարել:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Թոնի Ֆրենժիէ յայտնեց, որ իրենք ներկայացուցած են երկրին համար 24 ժամ ելեկտրականութիւն հայթայթելու ծրագիրի մը օրինագիծը` աւելցնելով, որ ծրագիրը կը ներառէ նաեւ սեփական մարզին հետ գործակցութիւնը:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ կտրականապէս կը մերժեն դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն գումարները վերացնելու փորձերը:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Լիբանան Ծոցի երկիրներուն հետ բաց տագնապի մը դիմաց կը գտնուի` աւելցնելով, որ յաջորդ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին Ընկերվար յառաջդիմական եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն միջեւ ընտրական դաշինք պիտի չհաստատուի:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Իյըն Քոլըրտ այցելեց Պեքաայի սահմանամերձ շրջանը, ուր հաստատեց, որ լիբանանեան բանակին տրամադրուելիք օժանդակութիւնները պիտի շարունակուին: Քոլըրտ ընդգծեց նաեւ, որ իրենք յանձնառու կը մնան լիբանանցիներուն կողքին կանգնելու:

 

Նախորդը

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը Եւ Գեղարուեստի Դպրոցներու Տնօրէնութիւնը Այցելեցին Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

Յաջորդը

Վառելանիւթի Սակերը Դարձեալ Կը Սղին

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական  Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց  Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով
Լիբանանեան

Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?