Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէուտական Արաբիա Անհրաժեշտ Կը Նկատէ Լիբանանը Փրկել Հըզպալլայի Իշխանութենէն

Նոյեմբեր 15, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին գինը հասած է 23 հազարի սեմին, երկրին տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապը աւելի եւս կը խորանայ, սղաճը անսանձ կը շարունակէ ճախրել, իսկ իր ապրուստը ապահովելու համար հազար կտոր եղող լիբանանցին կը շարունակէ մաշիլ ամէն իմաստով:

Առողջապահական մարզը իր կարգին լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուի, իսկ քաղաքացիներուն դեղորայքը ապահովելու համար խայտառակութիւնը սանձարձակ վիճակի մէջ կը գտնուի` ահռելի դարձնելով առողջապահական պարագաներ, մանաւանդ մահացու ախտերէ տառապող քաղաքայիններուն իրավիճակը:

4 օգոստոսի նաւահանգիստի պայթումէն ետք աւելի քան մէկ տարի հրաժարած մնացած նախկին վարչապետ Հասսան Տիապի կառավարութիւնը, որ իր հրաժարականի շրջանին բնականաբար չկրցաւ գործել իբրեւ լիիրաւ կառավարութիւն, ջահը յանձնեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի գլխաւորութեամբ կազմուած նոր կառավարութեան, որ խոստացաւ փրկութեան կառավարութիւն դառնալ:

Խոստումներ, որոնք մնացին խօսքի սահմաններուն մէջ` նկատի ունենալով, որ Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ ու Ծոցի երկիրներուն միջեւ բռնկեցաւ դիւանագիտական տագնապ մը, որ օրըստօրէ կը սրի:

Այս շրջագիծին մէջ, Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան շաբաթավերջին կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ շեշտեց, որ Լիբանանի հետ տագնապ չկայ, այլ Լիբանանի մէջ տագնապ կայ` աւելցնելով, որ քաղաքական ու տնտեսական փտածութիւնը երկրին մէջ իր արմատները հաստատած է ու կը շարունակէ ընդարձակուիլ:

Պըն Ֆարհան նշեց, որ Հըզպալլա ամէն ջանք ի գործ կը դնէ խանգարելու համար Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը:

Ան նշեց, որ Հըզպալլա զինուորական իր ուժը կ՛օգտագործէ` իր կամքը պարտադրելու լիբանանցի ժողովուրդին վրայ: «Հետեւաբար Լիբանանի քաղաքական վերնախաւը ամէն ջանք ի գործ պէտք է դնէ` Լիբանանը Հըզպալլայի իշխանութենէն փրկելու համար», ըսաւ Պըն Ֆարհան:

Ան դիտել տուաւ, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա նախապէս յայտնած է, թէ Հըզպալլա Իրանէն օժանդակութիւն կը ստանայ` աւելցնելով, որ այս իրողութիւնը Սէուտական Արաբիոյ համար մտահոգիչ է: «Կը մաղթենք, որ Լիբանանի պայմանները փոխուին, այնպիսի կերպով, որ կ՛արտօնէ դէպի այդ երկիր մեր դրական վերադարձը», եզրափակեց Պըն Ֆարհան:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթի լաւ ծրագիր մը ունի` Լիբանանի զարգացումն ու բարգաւաճումը ապահովելու իմաստով: Ան ընդգծեց, որ ամերիկեան վարչակարգը կը ջանայ Լիբանանի համար վառելանիւթ ապահովել, ինչպէս նաեւ կ՛օժանդակէ լիբանանեան բանակին` երաշխաւորելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը:

 

 

 

Նախորդը

Ռայի Պատրիարքը Շնորհաւորական Այցելութիւն Մը Տուաւ Տիւրզի Համայնքի Նորընտիր Հոգեւոր Պետին

Յաջորդը

Հրդեհներու Հսկայ Ալիք Մը Հարուածեց Հարաւային Լիբանանի, Աշքութի Եւ Պէյթ Մերի-Մոնթեվերտիի Անտառները

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?