Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Այլեւս Կարողութիւն Չունի Հանդուրժելու Սուրիացի Տեղահանուածներուն Բեռը»

November 13, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Եւրոպական խորհուրդի փոխնախագահ Մարկարիթիս Սքինասը` ընկերակցութեամբ պաշտօնական պատուիրակութեան մը, որուն մաս կազմեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Ռալֆ Թրաֆ:

Հանդիպումին քննարկուեցաւ Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը, որուն լոյսին տակ նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանան այլեւս կարողութիւն չունի հանդուրժելու սուրիացի տեղահանուածներուն բեռը:

Նախագահ Աուն Եւրոպական խորհուրդէն պահանջեց աշխատիլ` դէպի սուրիական ապահովական շրջաններ տեղահանուածներուն տունդարձը դիւրացնելու համար:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ ստորագրեց թիւ 247 օրէնքը, որուն հիման վրայ կատարուեցաւ յատկացումը 500 միլիառ լ. ոսկիի, որմէ 350 միլիառ լ. ոսկի պիտի յատկացուի անձնական դպրոց յաճախող լիբանանցի աշակերտներուն` 2019-2020 տարեշրջանի կրթաթոշակին, իսկ 150 միլիառ լ. ոսկի` պետական դպրոցներուն եւ կրթական հիմնարկներուն:

Նախագահ Աուն ստորագրեց նաեւ թիւ 245 օրէնքը, որուն հիմամբ, 2021-ի պետական ամավարկին պիտի կցուի 1200 միլիառ լ. ոսկի` կարենալ փակելու համար 2021-ի պետական ամավարկին տարբեր ծախսերը:

Ան ստորագրեց նաեւ երեք այլ օրէնքներ, որոնք Իրաքի եւ Գերմանիոյ պետութիւններուն հետ գործակցութեան, ինչպէս նաեւ արտօնագիրով գործող զբօսաշրջական կարգ մը հաստատութիւններուն օժանդակութիւն յատկացնելու կը վերաբերին` պայմանով որ այդ օժանդակութիւնը կատարուի ելեւմուտքի նախարարութեան հետ գործակցաբար:

Նախորդը

Այն Թինէի Մէջ. «Վարչապետին Եւ Ռիատի Մարտահրաւէր Չեմ Կարդար, Իսկ Կառավարութեան Նիստերը Չգումարուելու Պատճառը Ես Չեմ» Շեշտեց Ժորժ Քըրտահի

Յաջորդը

Ազրպէյճան Վերստին Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Համաձայնագիր Ստորագրելու

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի  Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ  Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան

January 31, 2026
Խորհրդարանական Ընտրութիւնները`  3 Եւ 10 Մայիսին
Լիբանանեան

Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` 3 Եւ 10 Մայիսին

January 31, 2026
Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը  Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու  Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.