Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 15, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 947 վարակուածներ եւ մահացած 5 ուրիշներ:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ կառավարութեան հրաժարականը պատճառ պիտի դառնայ, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները տեղի չունենան: Ան աւելցուց, որ Հըզպալլա կ՛իշխէ լիբանանեան որոշումին:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ Դիմադրութեան ոգին տակաւին բարձր է Հըզպալլայի հետեւորդներուն ու համակիրներուն մէջ: Ան շեշտեց, որ Լիբանանի տագնապներուն պատասխանատուն Դիմադրութիւնը չէ:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի հետ: Շիա վերահաստատեց Ներքին ապահովութեան ուժերուն ամերիկեան օժանդակութիւններն ու զօրակցութիւնը շարունակելու յանձնառութիւնը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նիքոլա Նահհաս հաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պէտք է անպայման կատարուին, բացի եթէ երկիրը ապահովական հսկայ ցնցում մը ապրի:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ժորժ Օքէյս հաստատեց, որ Հըզպալլա թշնամի չէ, այլ` քաղաքական հակառակորդ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա յայտնեց, որ լիբանանեան դատական իշխանութիւնը հասած է փլուզման սեմին` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը պէտք է անմիջական քայլերու դիմէ` փրկելու համար երկրին ելեւմտական եւ տնտեսական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ գործադրելու կառուցային բարեկարգումներ: Ան աւելցուց, որ շրջանառութեան մէջ են այնպիսի գաղափարներ, որոնք կրնան օժանդակել կառավարութեան` իր դիմագրաւած ներկայ կացութենէն դուրս գալու:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Ֆրանսայի մէջ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Ապպաս Հալապիի հանդիպումները դրական էին` մաղթելով, որ անոր ճիգերուն նկատմամբ գործակցութիւն ցուցաբերուի` փրկելու համար կրթական տարեշրջանը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ կոչ ուղղեց վերացնելու այն պատճառները, որոնք կը խանգարեն կառավարութեան աշխատանքային ընթացքը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալի Տարուիշ հաստատեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի պատասխանատու դատաւոր Թարեք Պիթարի թղթածրարին վաւերացումը զուտ դատական հարց է:

 

 

Նախորդը

Անթիլիասի Մէջ Հոգեհանգստեան Արարողութիւն` Արցախեան 44-Օրեայ Պատերազմին Նահատակուած Հայորդիներու Հոգիներուն Խաղաղութեան Համար

Յաջորդը

Ամալ Ապու Զէյտ. «Չաւուշօղլուի Այցելութիւնը Չի Միտիր Լիբանանեան-Սէուտական Դիւանագիտական Տագնապը Լուծել»

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.