Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէյիտ Նասրալլա. «Նահատակները Արգիլեցին Լիբանանի Վրայ Ամերիկեան Բռնատիրութեան Բանեցումը, Իսկ Թշնամին Գոյութենական Մտահոգութիւն Կ՛ապրի»

Նոյեմբեր 12, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Հըզպալլայի նահատակի օր»-ուան առիթով, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ յետմիջօրէին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ ընդգծեց, որ «Իսրայէլ»-ի հասցէն այսօր վախն է, եւ շրջանցուած կը նկատուի այն փուլը, երբ ան կը խօսէր «Արաբական գարնան» ժամանակաշրջանին ընթացքին իրեն յարմար միջավայրի մասին:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ իսրայէլեան ռազմափորձերէն կարելի է եզրակացնել, թէ անոնք կը վախնան, որ Լիբանան կրնայ Գալիլիոյ բնակեցման վայրերը ներխուժել:

«Եթէ Դիմադրութիւնը հիւսիսային Պաղեստին եւ Գալիլիա մուտք գործէ, ապա անիկա մեծ հետեւանքներ պիտի ունենայ բռնագրաւումի գոյացութեան վրայ», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ իսրայէլացիները քաջ գիտեն Դիմադրութեան ուժին, անկեղծութեան, կշիռին, հանգամանքին եւ ռազմավարական միտքին մասին` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ ոմանք կ՛անդրադառնան Դիմադրութեան առանցքի «տկարացումին», մինչդեռ տուեալները հակառակը կը փաստեն:

«Սիոնական թշնամի գոյացութիւնը կ՛ապրի գոյութենական մտահոգութիւն, իսկ պաղեստինցի գերիներուն դէմ վերջին փուլին գործադրուած վայրագութիւնը ուժի ցուցանիշ չէ, այլ` մտահոգութեան եւ վախի», շեշտեց սէյիտ Նասրալլա:

Ամերիկեան բռնատիրութեան ակնարկելով` ան շեշտեց, որ կարգ մը ոլորտներու մէջ ամերիկեան բռնատիրութեան եւ հովանաւորութեան գոյութիւնը բացայայտ ներկայութիւն է` աւելցնելով, որ տարիներէ ի վեր Լիբանան ճնշումներու կ՛ենթարկուի:

«Այդ ճնշումները բազմապատկուած են Թրամփի վարչակարգին օրով, սակայն մինչեւ օրս Հըզպալլա յաջողած է Լիբանանի վրայ ամերիկեան բռնատիրութեան բանեցումը արգիլել` իր նահատակներուն նուաճումներուն եւ օրհնութիւններուն շնորհիւ», հաստատեց ան:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ Հըզպալլա կը ձգտի հիմնել կեդրոնական եւ արդար պետութիւն մը` իսկական անկախութեամբ, «եւ իսկական անկախութիւնը կ՛արտացոլայ արտաքին ճնշումներուն չենթարկուելով», շեշտեց ան:

Սէյիտ Նասրալլա նկատել տուաւ, որ ամերիկացիները Լիբանանը ծիծաղի առարկայ կը դարձնեն «Հոֆի սահմաններ» կոչուած համաձայնութեամբ: «Պէտք է իմանալ, որ Լիբանան այս պարագային կը վստահի նահատակներու արեան եւ մեզի հանդէպ կենդանիներուն զօրակցութեան: Դիմադրութիւնը կրնայ Լիբանանի հողի իւրաքանչիւր հատիկէն եւ լիբանանեան բնական հարստութենէն հեռու պահել թշնամին եւ անոր ետին կանգնողը», շեշտեց ան:

Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ արաբական երկիրներու թագաւորներու եւ նախագահներու հաղորդակցութիւնները կը փաստեն, թէ Սուրիոյ տարած յաղթանակին նկատմամբ արաբական ճանաչում գոյութիւն ունի, հակառակ անոր որ այդ պատերազմը ֆինանսաւորուած է արաբական երկիրներուն մսխած հարիւր միլիառաւոր տոլարներով` Սուրիան պարտութեան մատնելու նպատակով:

Անդրադառնալով Լիբանան-Սէուտական Արաբիա դիւանագիտական տագնապին` սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ Հըզպալլա այդ տագնապը չէ ստեղծած եւ չի փափաքիր Սէուտական Արաբիոյ կամ որեւէ այլ արաբական երկրի հետ հարց ունենալ:

«Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի միջեւ կատարուած բանակցութիւններու չորս փուլերուն ընթացքին ո՛չ Լիբանանի եւ ո՛չ ալ Հըզպալլայի մասին բան յիշուած է», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա` աւելցնելով, որ այն պատճառաբանութիւնը, թէ Հըզպալլան կ՛իշխէ լիբանանեան պետութեան, անճիշդ է եւ զրպարտութիւն կը նկատուի:

«Իսկ անոր, որ տեղեկատուութեան նախարար Ժորժ Քըրտահիէն կը պահանջէ ազգային շահերը առաջնահերթ նկատել, հարց կու տանք. «Ի՞նչ է ազգային շահը: Արդեօք անիկա Լիբանանը նուաստացնել եւ անոր գերիշխանութիւնը ոտնակոխ ընե՞լն է», հարց տուաւ սէյիտ Նասրալլա:

Ան հաստատեց, որ ինք կը մերժէ Քըրտահիի հրաժարիլը կամ զայն պաշտօնազրկելը:

«Սէուտական Արաբիա ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ Լիբանանի բարեկամ երկիր, սակայն արդեօք բարեկամները այսպէ՞ս կը վարուին: Ռիատ Լիբանանի հետ տագնապ ստեղծած է, այս իմաստով ո՛չ կը փափաքիմ մագլցումներ արձանագրել եւ ո՛չ ալ հարցերը բարդացնել, սակայն մենք ճշմարտութեան բացայայտումը կը պահանջենք», ընդգծեց սէյիտ Նասրալլա:

Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի, որ մեկնած է Ռիատ, թուիթըրեան իր հաշիւով կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Ճշմարտութիւնը ամբողջութիւն մըն է, որ չի մասնատուիր… Իրականութիւնը ուրանալու եւ զայն պատճառաբանելու միջեւ հսկայական տարբերութիւն կայ»:

 

 

Նախորդը

«Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Չկատարելու Պատճառ Չկայ» Շեշտեց Ժըպրան Պասիլ

Յաջորդը

«Վառելանիւթի Տագնապ Չկայ» Շեշտեց Ուալիտ Ֆայեատ

RelatedPosts

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ  Լայնածաւալ Ռազմափորձեր
Լիբանանեան

Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ Լայնածաւալ Ռազմափորձեր

Հոկտեմբեր 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?