Իրաւաբանի տան դիմաց երէկ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն ընտանիքները կատարեցին նստացոյց մը, որուն ընթացքին զօրակցութիւն յայտնեցին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Թարեք Պիթարին:
Նշենք, որ արդարութեան նախարար Հանրի Խուրի զգուշացուց ազգային դատ նկատուող Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի թղթածրարը դատական ողբերգութեան վերածելէ:
Ան յայտնեց, որ նաւահանգիստի պայթումի թղթածրարին հետապնդումը պիտի շարունակուի, իսկ արդարութեան նախարարը նախանձախնդրութեամբ պիտի պաշտպանէ դատական մարմինը, որպէսզի ան զոհի չվերածուի` նախքան զոհերուն ընտանիքներուն իրաւունքներուն ապահովումը:
Միւս կողմէ, Զինուորական ատեանին դիմաց կատարուեցաւ նաեւ բողոքի այլ նստացոյց մը` Այն Ռըմմանէի դէպքերուն հարցով ձերբակալեալներու ընտանիքներուն կողմէ: