Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Նոյեմբեր 16, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 231 վարակուածներ եւ մահացած 6 ուրիշներ:

«ՌՈՅԹԸՐԶ» կը հաղորդէ, թէ Լիւքսամպուրկի դատական իշխանութիւնները Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի դէմ քրէական դատական հարց յարուցած են:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ ընդունեց առողջապահութեան նախարար Ֆիրաս Ապիատը, որուն հետ քննարկեց երկրին առողջապահական մարզին վերաբերող հարցեր: Ապիատ Տար Ֆաթուայէն յայտնեց, որ նախարարութիւնը կրցած է մեծ քանակութեամբ դեղորայք ապահովել` մահացու հիւանդութիւններու համար:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ պատուաստումի թափը պէտք է բարձրացնել: Արաժի շեշտեց, որ իրենք յանձնառու են, որ դպրոցներն ու զբօսաշրջական հաստատութիւնները իրենց դռները բաց պահեն, սակայն աշխատանքի եւ դասաւանդումի ընթացքին պէտք է բաւարարաչափ նախազգուշութիւններու դիմել: Ան աւելցուց, որ կարելի չէ իմանալ, թէ մինչեւ Նոր տարի ի՛նչ միջոցառումներու պէտք է դիմել:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովը, որուն հետ քննարկեց շաբաթ, 20 նոյեմբեր 2021-ին Մոսկուա կատարելիք իր այցելութեան նախապատրաստութիւնները:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի ընդունեց Լիբանանի մէջ Դանիոյ դեսպան Մերիթի Ճոհելը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ յայտնեց, որ Հերմելի եւ անոր շրջակայքին մէջ տարածուած ինֆլուանզայի երեւոյթը եւ վարակուողներուն համեմատութիւնը պէտք է մղեն առողջապահութեան նախարարութիւնը այդ ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկելու:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Նաամէ Թոհմէ անհրաժեշտ նկատեց Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ ու Ծոցի երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական տագնապը լուծել: Ան աւելցուց, որ Լիբանան նոր ցնցում մը հանդուրժելու ի վիճակի չէ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ղազի Զաայթեր կոչ ուղղեց հիւսիսային եւ հարաւային Լիբանանի մէջ բռնկած հրդեհներուն գծով հետաքննութիւն բանալու: Ան շեշտեց, որ Հըզպալլան եւ Ամալ շարժումը բոլորէն աւելի կ՛ուզեն իմանալ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին եւ Թայյունէի միջադէպերուն ճշմարտութիւնը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, ամերիկեան Քոնկրեսի մէկ պատուիրակութիւնը այս շաբթուան ընթացքին պիտի հասնի Պէյրութ` իմանալու համար Լիբանանի մէջ արձանագրուած իրադարձութիւններուն մասին: Ամերիկացի քոնկրեսականները Լիբանան պիտի գան ստուգելու համար այն տեղեկութիւնները, ըստ որոնց լիբանանցիները խեղդուած են տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապներու մէջ, ինչպէս նաեւ կը գտնուին ապահովական սպառնալիքներու դէմ յանդիման` Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունեցող ապօրինի զէնքին պատճառով: Նոյն աղբիւրները յայտնեցին, թէ այդ հարցերուն լուծումը լիբանանեան պետութիւնը ի վիճակի չէ գտնելու` նկատի ունենալով երկրին պետական եւ սահմանադրական հաստատութիւններուն անդամալուծուած վիճակը:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ժարիտա» օրաթերթին համաձայն, դիւանագիտական աղբիւրներ յայտնած են, որ կարգ մը ներքին եւ արտաքին շրջանակներ կը մտածեն երեսփոխանական ընտրութիւնները վեց ամիսով յետաձգելու մասին:

 

 

Նախորդը

Անդունդէն Հեռու

Յաջորդը

Կենսոլորտի Նախարարը Կը Պահանջէ Բռնկած Հրդեհներուն Շուրջ Հետաքննութիւն Բանալ

RelatedPosts

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ  Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»
Լիբանանեան

Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Պատերազմ Չկայ, Եւ Մթնոլորտը Դրական Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?